Թուրքիոյ Արտակարգ Իրավիճակի տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ երէկ Ռիխթըրի աստիճանաչափին վրայ 4.9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածած է Մարաշ քաղաքը: Այս երկարաշարժը կը համարուի շարունակութիւնը այն երկրաշարժին, որ 6 Փետրուարին հարուածեց հարաւային Թուրքիան ու հիւսիսային Սուրիան եւ պատճառեց մօտ 50 հազար զոհ եւ հազարաւոր վիրաւորներ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան բոլոր թուրք գործարարներուն կոչ ուղղեց իրենց ճիգը կեդրոնացնելու աղէտեալներուն օժանդակութեան վրայ: Եւրոպական միութիւնը 500 պատրաստ բնակարաններ ուղարկած էր Թուրքիա, աղէտեալներէն մաս մը պատսպարելու համար: