Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ. ՙՀԱՄԱԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՑ ՄԱՀՈՎ ՉԷ՚

December 8, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԻՔԱԹԻ. ՙՀԱՄԱԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՑ ՄԱՀՈՎ ՉԷ՚

Հակառակ Ազգային ազատ հոսանքը ներկայացնող նախարարներու ընդդիմութեան, գործող կառավարութիւնը երէկ 17 նախարարներու ներկայութեամբ նիստ մը գումարեց վարչապետարանին մէջ` քննարկելու համար շարք մը հրատապ թղթածրարներ` մասնաւորաբար հիւանդանոցներ եւ դեղորայք ֆինանսաւորելու նիւթը: Նիստէն բացակայեցան պաշտօնակատար նախարարներ Ապտալլա Պու Հապիպ, Հանրի Խուրի, Մորիս Սլիմ, Ամին Սալամ, Ուալիտ Ֆայյատ, Ուալիտ Նասսար եւ Իսամ Շարաֆըտտին, մինչ Հեքթոր Հաժժար ներկայ եղած է միայն սկիզբը, բուռն քննադատելով նիստ գումարելու մասին վարչապետի պաշտօնակատարին որոշումը: Ան բացագանչած է. ՙԵս այստեղ կը ներկայացնեմ հանրապետութեան նախագահը: Պիտի առկախես նիստը՚: Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամմատ Մուրթատա ստիպուած միջամտած է` կանխելու համար Հաժժարի եւ Միքաթիի միջեւ հաւանական բախումը, որմէ ետք Հաժժար հեռացած է դահլիճէն: Ան աւելի ուշ յայտնեց, որ Միքաթիէն պահանջած է չգումարել նիստը, իսկ երբ առաջարկը մերժուած է, բողոքելով դուրս եկած է նիստէն:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք համաձայնած են օրակարգային որոշ թղթածրարներու, մինչ որոշ նախարարներ վերապահութիւն յայտնած են այլ նիւթերու շուրջ, հետեւաբար անոնց քննարկումը յետաձգուած է հետագայ նիստերու: ՙՆախարարաց խորհուրդը կատարեց իր պարտականութիւնը Սահմանադրութեան համաձայն: Բոլորս այստեղ ենք ծառայելու ժողովուրդին: Մենք պէտք է յաղթահարենք այս դժուար փուլը: Եթէ այս նիստը չգումարուէր, այդ ծանր հարուած պիտի ըլլար առողջապահական ոլորտին եւ կառավարական հիւանդանոցներուն մէջ բուժուող հիւանդներուն: Մենք հրատապ որոշումներ կայացուցինք քաղցկեղի հիւանդներուն եւ Օժերոյի խորհուրդին վերաբերեալ՚, ըսաւ Միքաթի: Ան մաղթեց, որ նման անհրաժեշտ նիստերու ներկայ ըլլան բոլոր նախարարները, հաւաստիացնելով որ այս հարցը չունի համայնքային կամ յարանուանական որեւէ նկատառում, ոչ ալ միտում կայ տիրանալու նախագահի իրաւասութիւններուն: ՙԵթէ ոմանք կը փորձեն գործածել Սահմանադրութեան եւ համագոյակցութեան պատճառաբանութիւնը, ապա այդ չ՛իրականանար մարդոց մահով: Եթէ կ’ուզեն խնդիրը լուծել, թող հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրեն՚, ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը, նշում կատարելով նախագահի ընտրութիւնն ու կառավարութեան նիստերը խոչընդոտող խմբաւորումին:

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարի յայտնեց, որ նախարարները համաձայնած են Կեդրոնական դրամատան դիմումին` 35 միլիոն տոլար տրամադրել դեղորայքի ու երեխաներու կաթի ներածումին համար: Նաեւ վաւերացուած է զինուորականներուն եւ թոշակառուներուն ընկերային օգնութիւն տրամադրելու նախագիծը, իսկ որոշ նիւթերու արծարծումը յետաձգուած է` մինչեւ նախարարներու աւելի ամբողջական կազմով ժողով մը:

Նիստէն ետք տեղի ունեցաւ նախարարական խորհրդակցական հանդիպում` քննարկելու համար տարակարծութիւնները: Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսումի նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի նիստէն ետք յայտնեց, որ նախարարները գուցէ յառաջիկայ շաբաթ վերստին գումարեն խորհրդակցական հանդիպում մը, կառավարութեան որեւէ նոր նիստի գումարումէ առաջ, վերահաստատելով որ Սահմանադրութիւնը կը տնօրինէ Նախարարաց խորհուրդին եւ հանրային բոլոր հաստատութիւններուն գործունէութիւնը, իսկ նախարարները պարզապէս կը գործադրեն սահմանադրական յօդուածները: ՙՄենք կը յարգենք այս հարցը եւ պիտի խորհրդակցինք կառավարութեան նիստերու գումարումը մերժող նախարարներուն հետ՚, ըսաւ Հալապի:

Իսկ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ շեշտեց, որ ժողովուրդին տառապանքը իրենց մղած է ներկայ ըլլալու կառավարութեան նիստին, յիշեցնելով որ մերժած են օրակարգին մէջ ներառել տուրքերու վերաբերող նախագիծերը:

Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար խորհրդակցական ժողովէն ետք յայտնեց, որ իրենք կառավարութեան նիստերուն մասնակցելու որոշումը պիտի կայացնեն իւրաքանչիւր նիստի նախօրէին: Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի երէկուան նիստը համարեց հակասահմանադրական, շեշտելով թէ որոշումներ կայացնելու համար պէտք է ապահովել բոլոր նախարարներուն համաձայնութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՄՕՏ

Next Post

  ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԻ ԱՌԱՋԱՐԿ

Next Post

  ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԻ ԱՌԱՋԱՐԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.