Այսու ի խորոց սրտի կը շնորհաւորենք ՙԱրարատ՚-ի ծննդեան 85-ամեակը, մաղթելով անոր տնօրէնութեան եւ նուիրեալ խմբագրական կազմին նորանոր յաջողութիւններ:
Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի 80-ամեակին նուիրուած ՙԱյսպէս հրաշք ո՞վ էր տեսեր՚ խորագրով բանաստեղծութիւնս կը սկսի հետեւեալ բառերով.
ՙՈւթսունամեայ դուն ալեհեր`
Բայց պատանի, իմ Կիլիկեան՚:
Վերոգրեալ բառերով կարելի է տարազաւորել նաեւ 85-ամեայ ՙԱրարատ՚-ը: Թերթին տնօրէնուհին` Անի Սարաֆեան Եփրեմեան, ինծի յղած իր նամակին մէջ նշած է .
ՙՀակառակ իր յառաջացած տարիքին, Արարատը կը մնայ միշտ երիտասարդ, շնորհիւ իր խմբագրական կազմի նուիրեալ եւ անխոնջ աշխատանքին եւ իր շուրջ համախմբուած բարեկամներու եւ գործակիցներու՚:
Կարեւոր է նշել, որ լիբանանահայ միւս թերթերու կարգին` ՙԱրարատ՚ եւս ծնաւ 1930-ական թուականերու գաղութի պահանջներու արգանդէն: Թերթին ազգանուէր ու հայրենասէր հիմնադիրներուն նպատակն էր Եղեռնէն մազապուրծ ազատած եւ Լիբանան ապաստանած հայու բեկորները ոգեւորել, նոր սերունդին յոյս ներշնչել եւ հայրենասիրական ոգին վառ պահել անոր մէջ, ինչպէս նաեւ` մասնակցիլ գաղութի ազգային կեանքի վերակազմակերպման եւ վերակենդանացման:
Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին« Թուրքիան ծրագրեց եւ գործադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով բնաջինջ եղաւ Պատմական Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը: Արդ, անհրաժեշտ էր վերակազմակերպել աշխարհացրիւ հայութեան ազգային« կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքը:
Աւելին` էական էր մանաւանդ զօրաւոր հոգեւոր կամուրջ մը ստեղծել Սովետական Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ« որուն կառուցման ու ամրապնդման աշխատանքին մէջ ՙԱրարատ՚ ունեցաւ կարեւոր դեր« հրատարակելով հայրենաշունչ խմբագրականներ եւ յօդուածներ« ստորագրուած սփիւռքահայ եւ հայրենի հեղինակաւոր մտաւորականներու կողմէ: Հայութեան մեծամասնութեան համար հայրենիքին վարչաձեւը երկրորդական էր: Կարեւորն այն էր, որ հակառակ թրքական հայասպանութեան, պատմական Հայաստանի տասը տոկոսին վրայ ունէինք Ս. Հայաստանը, որ հայկական պետականութեան վերականգնման միակ գրաւականն էր:
Ահա թէ ինչու էական էր գոյութեան կոչել հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն նուիրուած, նոր սերունդի մտքին ու հոգիին մէջ հայրենասիրութեան առողջ սերմեր ցանելու կոչուած, յստակ տեսլականով եւ առաքելութեամբ զինուած, նպատակասլաց թերթ մը` ՙԱրարատ՚ը:
Ինչո՞ւ ՙԱրարատ՚ կը մնայ միշտ երիտասարդ…:
Պատճառը յստակ է. թերթին տնօրէնութիւնը, խմբագիրներն ու աշխատակիցները անցեալին հաւատացին, այսօր ալ կը շարունակեն հաւատալ ՙԱրարատ՚-ի առաքելութեան, որուն յաջողութեան համար անոնք վերանորոգուած աւիւնով, նուիրումով ու անխոնջ աշխատանքով կը յաղթահարեն նիւթական եւ այլ բազմաթիւ դժուարութիւններ, որպէսզի ՙԱրարատ՚-ը տարիք առնէ, բայց չծերանայ…:
Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք ծննդեանդ տարեդարձը, 85-ամեայ ՙալեհեր, բայց պատանի՚ ՙԱրարատ՚:
ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ
Լոնտոն