Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՐՁ ՄԸ ԱՅՍՕՐ

October 14, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՐՁ ՄԸ ԱՅՍՕՐ

 

 

Այսօր սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական երկրորդ նիստը: Սակայն, քաղաքական յայտարարութիւններուն լոյսին տակ պարզուեցաւ, որ այսօրուան նիստը գուցէ յետաձգուի` երեսփոխաններու նուազագոյն անհրաժեշտ թիւի բացակայութեան պատճառով: Ազգային ազատ հոսանքը արդէն իսկ յայտարարած էր, որ պոյքոթի պիտի ենթարկէ նիստը, որովհետեւ ան տեղի կ’ունենայ 13 Հոկտեմբերին, որ քաղաքացիական պատերազմի վերջին օրերուն Պաապտայի պալատ սուրիական բանակի մուտքին եւ օրին զօրավար Միշէլ Աունի փախուստի օրն է: Հոսանքը կը հաւատայ, որ խորհրդարանի նախագահը դիտումնաւոր ընտրած է այս օրը` աղաւաղելու անոր յիշատակը: ՙԺողովրդավարական Հանդիպում՚ խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի նիստին եւ քուէարկէ ի նպաստ Միշէլ Մուաուատին:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա յայտնեց, որ իրենք նախագահի պաշտօնին համար կը նախընտրեն քաղաքացիական անձնաւորութիւն մը, սակայն չեն ընդդիմանար բանակի հրամանատարի նախագահ ընտրութեան:

 

Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն  շեշտեց ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան կարեւորութիւնը, հաւաստիացնելով, որ Լիբանան այսպիսով պիտի կարողանայ կազ եւ քարիւղ արտահանել` ձերբազատուելով անդունդէն: ՙԱյսօր կը մնայ գործադրել հանրային գումարներ թալանած պատասխանատուները հաշուեյարդարի ենթարկելու հոլովոյթը՚, ըսաւ Աուն, սենտիքաներու պատուիրակութիւններ ընդունած ատեն: Ըստ նախագահին, յառաջիկայ շաբաթ պիտի սկսի Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

Ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայյատ Պաապտայէն յայտնեց, որ Լիբանան յաջորդ փուլին պիտի հետեւի համաձայնութեան գործադրութեան յաջորդ քայլերուն` համագործակցելով ֆրանսական ուժանիւթային Total ընկերութեան եւ միջազգային այլ գործընկերներու հետ:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ սահմանագծումի համաձայնութիւն կնքել չի նշանակեր բնականոնացնել Լիբանանի յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ: Ըստ Պու Սաապի, նախագահ Ճօ Պայտըն երաշխիքներ տուած է համաձայնութեան գործադրութեան առնչութեամբ:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի կառավարութիւնը երէկ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան սկզբունքներուն, նաեւ որոշեց համաձայնութիւնը փոխանցել Քնէյսէթին` վաւերացումի համար: Իսրայէլեան կառավարութեան բանբերին համաձայն, նախարարները արծարծած են համաձայնութեան կարեւորութիւնը` ազգային անվտանգութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման առումով:

Իսրայէլի վարչապետ Եաիր Լափիտ յայտնեց, որ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի ամբողջացումը կը կրճատէ Հըզպալլայի հետ զինեալ դիմակայումի հաւանականութիւնը: Իսկ Իսրայէլի պաշապտնութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը կը կրճատէ Լիբանանի վրայ Իրանի ազդեցութիւնը: ՙՊիտի չթոյլատրենք Իրանի ներկայութեան ընդարձակումը մեր հիւսիսային սահմանին մօտ՚, ըսաւ Կանց: Իր կարգին, Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահը նշեց, որ իրենք 10 քիլոմեթր զիջած են Լիբանանին` ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը ամբողջացնելու համար: Ուժանիւթի նախարարութեան գործակատարը նշեց, որ Իսրայէլ համաձայնութիւնը վաւերացնելէ առաջ պայմանագիր պիտի կնքէ ֆրանսական Total-ին հետ` Կանա կազահորի իսրայէլեան շահաբաժինը ճշդելու համար:

Իսկ ընդդիմութեան ղեկավար, նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բողոքեց, որ Իսրայէլ Իրանին հնարաւորութիւն տուած է որոնումներ կատարել իր սահմանին մօտ:

Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը պիտի օժանդակէ տարածաշրջանի կայունութեան եւ զարգացումին:

Եգիպտոսի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը եւս ողջունեց ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը:

 

(0-Ընտրութիւն ընկերվար, 1-Աուն, 2-Իսրայէլ, 3-Պորել)

Share61Tweet38
Previous Post

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Next Post

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.