ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ հողին վրայ կատարուած հանրաքուէն, որ կազմակերպեցին ռուսական իշխանութիւնները միջազգային օրէնքի յստակ խախտում կը համարուի:
Ան աւելցուց, թէ Ռուսիա պէտքէ է դադրեցնէ պատերազմը եւ քաշուի Ուքրանիայէն որեւէ ատեն: Ըստ Սթոլթենպըրկի, ՆԱԹՕ-ն դէմ է գրաւեալ շրջաններու մէջ կատարուած հանրաքուէին:
Օրուան ընթացքին, Եւրոպական միութեան Արտաքին յարաբերութեան բաժինի խօսնակը յայտարարած էր, թէ կատարուած հանրաքուէն ապօրինի է եւ բոլոր այն եւրոպացի քաղաքացիները, որոնք կազմակերպեցին կամ որպէս դիտորդ մասնակցեցան այս հոլովոյթին պատիժի պիտի ենթարկուին: