Լիբանանի նոր կառավարութեան մը կազմութեան հոլովոյթին մէջ մեծ դեր վերցուցած է Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տնօրէն Ապպաս Իպրահիմը: Ան Կիրակի օր ժողով գումարած էր նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, նախագահ Միշէլ Աունի հետ կարծիքներու տարբերութիւնը նուազեցնելու համար: Երէկուան ժողովին յետաձգուիլը դրական պատճառներու համար էր: Ան խօսեցաւ ներկայ կառավարութեան կազմէն 2-3 նախարար փոխելու մասին, կազմելու համար նոր կառավարութիւնը: