Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ 135-ամեակ

ՍԴՀԿ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԵՌԱԲԼՈՒՐ ՊԱՆԹԷՈՆ

September 24, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր
0
ՍԴՀԿ 135-ամեակ

 

Եռաբլուր պանթէոնը այն խորհրդաւոր վայրն է, ուր կը ննջեն հայրենիքին համար նահատակուած մեր լոյս տղաքը: Եռաբլուր պանթէոնը այն սուրբ ուխտատեղին է, ուր ամէն հայ կ’այցելէ գլուխ խոնարհելով եւ երախտապարտութեան զգացմունքով աղօթք կը բարձրացնէ այդտեղ ՙհանգչող՚` հայրենիքին սիրոյն յաւերժ քուն մտած տղոց անմեռ հոգիներուն համար: Եռաբլուրը այն նուիրական հանգրուանն է, որ գրկած է հայրենի հողին իրենց արիւնը խառնած տղոց աճիւնները: Ի վերջոյ, Եռաբլուրը այն սրբազան տարածքն է, որ ամբողջ հայրենիք մը արժէ, վասն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն յաւերժական ներկայութեամբ:

Արդարեւ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 135-ամեակին առիթով կազմակերպուած միջոցառումներու ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Հնչակեան կուսակցութեան մեծ պատուիակութիւն մը ուխտագնացութիւն կատարեց դէպի Եռաբլուր պանթէոն, գլխաւորութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանի:

Կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը խօսք առնելով` ըսաւ, որ Եռաբլուրը այսօր իսկապէս դարձած է սրբատեղի, որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ հոն հանգչող մեր հերոս զինուորներուն շիրիմները մեր նորագոյն պատմութիւնը դարձած են, պատմութիւն` որ լեցուն է յաղթանակներով, եւ դժբախտաբար նաեւ պարտութեամբ: Ան նշեց« որ ՍԴՀԿ-ի համար հայրենիքը կը մնայ գերագոյն նպատակ եւ տեսլական, որուն համար միշտ երգած ենք` ՙուժ տանք ընկերներ Մայր հայրենիքին, մեր հանգրուանը հոն պիտի լինի՚: Ան նշեց նաեւ, որ թէեւ այս ուխտագնացութեան մասնակիցները Սփիւռքէն եկած են, բայց բոլորն ալ նոյն գիտակցութիւնը ունին, որ առանց հայրենիքի, առանց անկախ ու ինքնիշխան հայրենիքի սփիւռքը երկար չի կրնար դիմանալ ու գոյատեւել:

Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան դիտել տուաւ, որ իրենք ամէն համագումարէ առաջ այս ուխտագնացութիւնը կը կատարեն, ընդգծելով որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու ցաւերուն, մանաւանդ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, մենք ընկրկելու տեղ չունինք, ետդարձի տեղ չունինք, որովհետեւ այս մեր հայրենիքն է, որ պէտք է միշտ հզօրանայ:

Իր խօսքի աւարտին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը շեշտեց. ՙՄենք որպէս ՍԴՀԿ հպարտացած ենք մեր անցեալով, որովհետեւ հայ ազատագրական պայքարին, Հայաստանի անկախութեան համար նուիրաբերած ենք մեր ամենահանճարեղ, ամենահզօր զաւակները: Եւ կը կարծենք, թէ այսօրուան այստեղ հանգչողները շառաւիղներն են մեր հերոսներուն, շառաւիղներն են հայրենիքի ազատագրական պայքարին համար զոհուած մեր բոլոր մարտիկներուն՚:

Աւարտին, եւ ՍԴՀԿ-ի 135-ամեակի խորհուրդով, Ընկ. Սարաֆեան կոչ ուղղեց միասնաբար երգելու ՙՏուր ձեռքդ, ընկեր՚ ուխտերգը, որուն ընդմէջէն ներկաները ուխտեցին չմարել հուրը սրբազան գաղափարին, որ հայրենիքի սրբութեան, անոր անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, անոր բարգաւաճման ու բարօրութեան, անոր հանդէպ նուիրումի գաղափարն է անտարակոյս:

Այնուհետեւ, ներկաները այցելեցին զոհուած հերոսներուն շիրիմները եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոնց անթառամ յիշատակին:

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

87 ԶՈՀ, 20 ՓՐԿՈՒԱԾ

Next Post

ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄԻ ՃԻԳԸ

Next Post
ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄԻ ՃԻԳԸ

ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄԻ ՃԻԳԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.