Երէկ թրքական լիրայի փոխարժէքը մեծ անկում արձանագրեց ԱՄՆ տոլարին դիմաց եւ հասաւ իր ամենացած արժէքին` 18.42 լիրա մէկ տոլարի դիմաց: Պատճառը տոկոսին նուազումն էր 12 առ հարիւրի: Կեդրոնական դրամատունը նուազեցուց տոկոսը` անկում արձանագրող տնտեսութիւնը աշխուժացնելու համար: Անցեալ տարուան ընթացքին ալ տոկոսի նուազումը Կեդրոնական դրամատան կողմէ պատճառեց սղաճ, որ ամենաբարձրն էր 24 տարուան ընթացքին: