Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

September 21, 2022
in Գաղութային
0
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը կայացաւ 31 Օգոստոսէն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ Խորհուրդի անդամ աւելի քան 350 եկեղեցիներու շուրջ 4000 պատուիրակներու: Համաժողովը կը կրէր ՙՔրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան Եւ Միասնութեան՚ խորագիրը: Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը համաժողովին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ 12 պատուիրակներով.- Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Գեղամ. Արք. Խաչերեան, Գերշ. Տ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, Փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Սեդա Խըտըշեան, Դոկտ. Նորա Գապագեան-Պայրագտարեան, Վանա Կիտցինեան, Թամար Գանարեան եւ Արազ Գոճայեան£ Յիշենք, որ Գարլա Խիժոյեան (Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան նախկին անդամ) կը շարունակէ վարել ԵՀԽ-ին մէջ Միջին Արեւելքի բաժինի պատասխանատուի իր պաշտօնը:

ԵՀԽ-ի Համաժողովը գերագոյն ժողովն է Խորհուրդին, որ իւրաքանչիւր 8 տարին անգամ մը կը գումարէ իր նիստերը: Վերջին համաժողովը տեղի ունեցաւ 2013 թուականին, Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորէա, եւ թագաժահրի համաճարակին պատճառով 11-րդ համաժողովը տարուան մը ուշացումով գումարուեցաւ այս տարի, Գերմանիոյ եկեղեցիներու միասնական հրաւէրով:

Մասնակիցները, պատգամաւորնեը, ներկայացուցիչները, երիտասարդները, ուսանողները, հիւրերը եւ դիտորդները համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան լիակատար նիստերու, միջեկեղեցական զրոյցներու, պաշտամունքներու, վարժանիստերու եւ դաւանական ու տարածաշրջանային ժողովներու: Համաժողովի ընթացքին արծարծուեցաւ ու վաւերացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան մանտաթը, ինչպէս նաեւ ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական վարչութիւնը:

Համաժողովի լիակատար նիստերու ընթացքին թէ՛ յանձնախումբերու ժողովներուն մէջ մեր Ս. թոռին պատուիրակութիւնը պարզեց հայ եկեղեցւոյ ու ազգին արդար պահանջները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամները մաս կազմեցին հետեւեալ յանձնախումբերուն.- Հանրային Հարցերու (Դոկտ. Ն. Գապագեան-Պայրագտարեան, դիւանի անդամ), Թեկնածութեան (Թ. Գանարեան), Ծրագիրի Ուղեցոյցի (Փրո Թ. Փիրրի-Սիմոնեան), Տնտեսութեան (Ս. Խտըշեան) եւ Պատգամի (հայր Հրանդ): Նշենք, որ հայր Հրանդ կրօնքի եւ հաւատքի ազատութեան վերաբերեալ միջեկեղեցական նիստին ատենապետութիւնը վարեց. նիստին կողմէ յառաջացած տեղեկագիրը ԵՀԽ-ի յառաջիկայ ութ տարուան ուղեցոյցին մաս պիտի կազմէ:

Կարեւորութեամբ հարկ է նշել, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ երկու յաջորդական ընտրաշրջանի համար ատենապետած է ԵՀԽ-ի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութիւնները, միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան նախագահներէն մէկը` ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը:

Աւելին, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան ընտրուեցան ԵՀԽ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ:

Յատկանշական է, որ մեր պատուիրակութեան անդամներէն եւ Հանրային Հարցերու Յանձնախումբի դիւանի անդամ Դոկտ. Գապագեան-Պայրագտարեանի ջանքերով եւ խորհրդակցաբար Վեհափառ Հայրապետին, համաժողովը որդեգրեց Արցախի հարցին վերաբերալ բանաձեւ: Բանաձեւին մէջ, որ արդէն իսկ հրապարակուեցաւ, համաժողովը բարձրացուց հայ ռազմագերիներու վերադարձի հարցը, հայկական կրօնական ու մշակութային վայրերու եւ կոթողներու աւերման ու բնաջնջման խնդիրը, կոչ ուղղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ միջազգային ընտանիքին` պատշաճ միջոցներ որդեգրելու պաշտպանելու եւ պահպանելու համար զանոնք, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որպէսզի յանձնառու ըլլայ քայլեր առնելու Արցախի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ…

Next Post

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԸ ՄՕՏԵՑԱՒ

Next Post
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԸ ՄՕՏԵՑԱՒ

ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԸ ՄՕՏԵՑԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.