Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ…

September 21, 2022
in Յօդուածներ
0

Կիրակի, 18 Սեպտեմբերին, կիպրահայ գաղութին հետ մասնակցեցայ ժողովրդային հաւաքին, ի զօրակցութիւն հայոց բանակին: Հաւաքը տեղի ունեցաւ Կիպրոս-Հայաստան բրեկամութեան այգիին մէջ, Նիկոսիա:

Շատ քաջալերական էր տեսնել եթէ մէկ կողմէ երիտասարդներ եւ չափահասներ, բայց նոյնքան նաեւ պատանիներ:

Շատ դժուար եւ մարտահրաւէրներով լեցուն օրերու մէջ ենք որպէս հայկական իրականութիւն: Եթէ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ կայ մտահոգութիւն, անորոշութիւն, բայց նոյնքան նաեւ տրտմութիւն: Տրտմութիւնը մեր քաջարի երիտասարդ տղոց նահատակութիւնն է: Իսկ անորոշութիւնը՞…: ՙԼինելու եւ չլինելու՚ պատերազմին մէջ ենք…:

 

Եթէ մէկ կողմէ կը հետեւէի Սրբազան Հօր եւ պետական ներկայացուցիչի պատգամներուն, բայց նոյնքան նաեւ կը նայէի չորս կողմս: Կը դիտէի մանաւանդ մեր պատանիները: Անոնք մէկ կողմէ հպարտօրէն կը ծածանէին հայկական դրօշակը եւ միւս կողմէ` պաստառներ: Եւ այս բոլորին մէջէն տեսայ մէկ իրականութիւնը£ ԿԱՄՔԸ…

Հայուն պատմութիւնը միշտ ալ լեցուն եղած է տագնապներով: Կարծէք տագնապները ՙկարաւանի՚ մը նման, մէկ-մէկ, մեր ետեւէն եկած են մեր կեանքին ընթացքին: Բայց այդ բոլոր տագնապներուն մէջէն մենք ցոյց տուած եւ դրսեւորած ենք մէկ իրականութիւն: Ապրելու կամքը:

Մենք ազգ մըն ենք որ ունեցած է եւ տակաւին քաղաքակրթութիւն մը, որ հազարամեակներու վրայ երկարած սատարած է միջազգային եւ համամարդկային կեանքերու յառաջխաղացքին: Մեր պատմութեան բոլոր տագնապներուն մէջէն դրսեւորած ենք կամք եւ վերածած զայն ապրող իրականութեան: Ապրած ենք ոչ թէ աննպատակ, այլ` նպատակասլաց: Իսկ նպատակը: Կեանքը կերտել եւ զայն ապրիլն է: Եթէ ապրած ենք ու տակաւին որպէս հայ ժողովուրդ, բայց նաեւ բաժնեկցած զայն համամարդկային իրականութեանը մէջ:

Այսօր, այս հաւաքին ընթացքին, ես նորէն տեսայ այս կամքը: Կամքը հայ պատանիին, երիտասարդին եւ չափահասին: Իմ եւ մեր բոլորին կամքը: Եթէ մեր հայ քաջարի բանակին տղաքը կը կռուին եւ կը նահատակուին, քանի կ՛ուզեն ամուր պահել հայուն ապրելու կամքը:

Եւ այս ապրելու կամքով մենք պիտի դուրս գանք այս անգամ ալ այս ճգնաժամէն, որքան որ այս ճգնաժամը ՙմահուան շուքի ձորի՚ մէջէն քալելու իրականութիւնն է: Այս կամքը մեզ զօրաւոր պահած է (ու տակաւին այսօր պիտի ընէ նոյնը)ª որ ՙչարէն չվախնանք՚:

Բայց այսօրը ունի նաեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն:

Այս ճգնաժամէն դուրս պիտի գանք ՙբոլորս՚ եւ ՙմիասին՚: Իսկ բոլո՞րս եւ միասի՞ն: Ես, դուն եւ իւրաքանչիւր հայ: Բոլորս եւ միասին:

Մեր հայ բանակին եւ անոր նահատակ տղոց արեան կանչն է այս:

Հայուն ապրելու կամքը:

Յարգանք մեր հայ բանակին եւ անոր իւրաքանչիւր կռուող թէ նահատակ քաջամարտիկներուն£

Ապրինք եւ (վեր)ստեղծենք հայուն ապրելու այս կամքը:

Ապրելու կամքը…: Բոլորս եւ Միասին:

 

 

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.