ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՄԵԾ ԲԺԻՇԿ
ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԴԻ ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ՀԱՅՐ`
ԷՏՈՒԸՐՏ ՃԷՆԸՐ (Edward Jenner) (1749 – 1823)
Անգլիացի մեծ բժիշկ եւ գիտնական, որ հիմը դրաւ արդի պատուաստումին: Ան էր որ առաջին անգամ ըլլալով մարդիկ պատուաստեց ջրածաղիկի (smallpox) ժահրին դէմ: Արդի պաշտպանութեան համակարգի զօրացումը մարդու մարմնին մէջ շատ բան կը պարտի այս գիւտին: Անգլերէն vaccine բառը կը սեռի Variolae vaccinae (smallpox of the cow) բառէն« որովհետեւ առաջին անգամ պատուաստը պատրասուեցաւ կովաբուխէն (cowpox), այսինքնª կովու մարմնին մէջ աճած ժահրերէ:
Ճէնըր ծնած է Անգլիոյ Կլաուսթըրշիր նահանգի Պըրքլի քաղաքին մէջ, պատուելի Սթեֆըն Ճէնըրի յարկին տակ: Ան ստացաւ թունդ քրիստոնէական կրթութիւն եւ ութերորդ զաւակն էր ինը զաւակ ունեցող ընտանիքին մէջ: Փոքր տարիքէն ան պատուաստ ստացած էր ջրածաղիկի դէմ եւ այդ քայլը վնասած էր իր առողջութեան: Այս էր պատճառներէն մէկը, որ ինք ապագային փնտռէ աւելի ապահով եւ ազդու միջոց մը պատուաստումի համար: Պատուաստումի առաջին ձեւերը եւրոպացիք սորված էին Ասիոյ բժիշկներէն, որոնք զարգացուցած էին պատուաստումի նախնական ձեւեր:
14 տարեկանին որպէս աշկերտ ծառայեց Տանիէլ Լուտլոու կոչուող բժիշկի մը մօտ եւ անկէ սորվեցաւ վիրաբուժութեան ցարդ ծանօթ բոլոր գաղտնիքները: Ապա 21 տարեկանին մտաւ վիրաբոյժ Ճոն Հանթըրի դարմանատունը իր գիտելիքները զարգացնելու համար: Այս բժիշկը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ երիտասարդ Էտուըրտի վրայ: Անոր խօտքերը. ՙՄի մտածեր, այլ` փորձէ՚, որոնք ազդեցիկ էին Լուսաւորութեան դարուն, միշտ մնացին երիտասարդին ականջներուն մէջ եւ այս է որ դարձաւ իր յաջողութեան բանալին:
Աւարտելէ ետք ան վերադարձաւ Պըրքլի եւ դարձաւ ընտանեկան բժիշկ: Ապա ան միացաւ Կլաուսթըրշիրի բժիշկներու խումբի մը, որոնք կը հաւաքուէին պարբերաբար եւ գիտական թուղթեր կը պատրաստէին ու կը կարդային տարբեր հիւանդութիւններու մասին:
1768 թուականին անգլիացի բժիշկ Ճոն Ֆիւվսթըր նկատած էր, թէ այն մարդիկ, որոնք կը վարակուէին կովաբուխով (cowpox) ինքնաբերաբար պաշտպանուած կ’ըլլային ջրածաղիկի (smallpox) ժահրին դէմ: Այդ տարիներուն այս հիւանդութիւնը մահացու էր եւ բնակչութեան 10 առ հարիւրը, իսկ քաղաքի բնակչութեան 20 առ հարիւրը անկէ կը մեռնէին: Ճէնըր նկատեց, թէ կովու հետ գործ ունեցող մարդիկ չէին մահանար ջրածաղիկէն: Ուրեմն, 14 Մայիս 1796-ին ան կատարեց առաջին պատուաստումը Ճէյմզ Ֆիփս կոչուող 8 տարեկան տղեկի մը: Ան կովաբուխի վարակը հաւաքեց սպասուհիէ մը, որ կ’աշխատէր կովերու հետ ու զայն պատուաստեց տղեկին: Տղան տաքութիւն եւ որոշ անհանգստութիւն ունեցաւ, սակայն առանց որեւէ ծանր հետեւանքի: Ան այսպիսով փաստեց, որ կարելի է մարդիկ թեթեւօրէն վարակելով ապագային փրկել անոնց կեանքը, երբ իսկական վարակում կը պատահի: Էտուըրտ Ճէնըր միշտ պիտի յիշուի որպէս արդի պատուաստումի հայր, մարդ մը որ փրկեց միլիոնաւոր մարդոց կեանքը: Պատիւ արժանաւորին:
ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՐԴՈՒՆ ՈՒՂԵՂԸ
ԱՄՆ-ի ՙԵէյլ՚ համալսարանէն խումբ մը հետազօտողներ սկսած են կատարել հետազօտութիւն մը` ճշդելու համար այն յատկութիւնները, որ ունի մարդուն ուղեղը եւ զայն կը դարձնէ իւրայատուկ բոլոր ապրող էակներուն մէջ: Գիտնականներ նկատի առին մեզի ամենամօտիկ չորս մարդակապիկները եւ քննեցին անոնց ուղեղին կազմուածքը: Անոնք նաեւ նկատեցին, թէ ինչ բաները որ մարդկային ուղեղը կը դարձնեն իւրայատուկ, նաեւ հոգեկան հիւանդութեան պատճառ կրնան դառնալ:
Հետազօտութեան ընթացքին օգտագործեցին մարդու, շիմփանզէի, մաքաք եւ մարմոսէթ կապիկներու ուղեղի վերի հատուածի քննութեան ձեւը: Քննելէ ետք 109 ուղեղի բջիջի տեսակներ, որոնք իրարու կը նմանին մարդակապիկներու ընտանիքին մէջ, անոնք առանձնացուցին 5 տեսակ բջիջներ, որոնք կը գտնուին միայն մարդկային ուղեղին եւ շիմփանզէի ուղեղին մէջ: Այդ բջիջին տեսակը կը կոչուի ՙmicroglia՚: Այս բջիջներն են, որ մարդուն կու տան իր շրջապատի կլիմային եւ մթնոլորտին յարմարելու իւրայատկութիւնը: Գիտնականներ յայտնաբերեցին ուրիշ զարմանալի երեւոյթ մը: Այս ՙmicroglia՚ ընտանիքի բջիջները կը պարունակեն ծին մը` ՙFOXP2՚« որ պատասխանատու է կարգ մը մարդկային հոգեկան հիւանդութիւններու ինչպէս` autism, schizophrenia եւ epilepsy:
ՙՍայընս Տէյլի՚
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹՒՆԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ՞ – ՂԸ. ՄԱՍ
ՊԻԼԱՏ ԱԼ ՇԱՄ ԿԱՄ ՄԵԾՆ ՍՈՒՐԻԱ
Սուրիան կը համարուի ռազմավարական դիրք ունեցող պետութիւն: Սուրիոյ տիրողը կը տիրէ արեւելեան Միջերկրականի շրջանէն մինչեւ Աֆղանիստան երկարող շրջանին: Անոր տիրողը կը տիրէ արաբական երկիներու ծովային ելքին եւ կրնայ փակել Իրաքի ծովային ելքը, որ ընդհանրապէս տեղի կ’ունենայ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջոցով: Արեւմուտքին համար, Սուրիա կը հանդիսանայ այն հանգոյցը, ուրկէ Ծոցի արաբական կազը պիտի հասնի Եւրոպա` Թուրքիայէն անցնելով: Այս է որ կ’ուզէր պատրաստել Արեւմուտքը Ռուսիան զրկելու համար իր եկամուտէն, նաեւ վերջ դնելու համար ռուսական նաւատորմիղի գոյութեան Սուրիոյ մէջ: Այս իրականութիւնը գիտնալով է որ նախագահ Փութինի վարչակարգը որոշեց օգնել Սուրիոյ իր ներքին պատերազմին մէջ, որ վերածուեցաւ ահաբեկիչներու դէմ մղուած պատերազմի: Թուրքիա կը հանդիսանայ իսլամական աշխարհին մէջ Արեւմուտքի յենարաններէն մէկը: Անոր եւ Սէուտական Արաբիոյ միջոցով Արեւմուտքը կրցած է տասնեակ տարիներ իր հակակշիռը ունենալ իսլամական երկիրներու ընդհանուր քաղաքական ուղղութեան վրայ: Նաեւ անոր վստահուած է Սուրիան, Իրաքը եւ այլ արաբական երկիրներ հսկելու պարտականութիւնը: Այս դերը կատարելու համար, Թուրքիայէն պահանջուեցաւ հազարաւոր զինեալներ մտցնել Սուրիա այդ երկրին վարչակարգը փոխելու համար 2011 թուականէն սկսեալ: Ռուսիա եւ Իրան նկատելով վտանգը, իրենց ռազմավարական շահերէն մեկնելով, օգնութեան ձեռք երկարեցին սուրիական բանակին եւ Արեւմուտքի ծրագիրը մասամբ ձախողեցաւ: Մասամբ, որովհետեւ տակաւին պատերազմը իր աւարտին չէ հասած: Արեւմուտքը տակաւին չի ճանչնար Ասատի վարչակարգը եւ անոր դէմ կը կիրարկէ պատժամիջոցներ: Ամերիկեան, թրքական բանակները տակաւին կը գտնուին Սուրիոյ հողին վրայ:
(Շարունակելի)
Աղբիւր` ՙՏը Ռիվէնճ Աֆ Ճիոկրաֆի՚, Ռոպըրթ Քափլան
ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՎԱԽԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ – Բ. ՄԱՍ
Հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդը շատ բան կը պարտի վախի զգացումին, իր մշակոյթը զարգացնելու համար: Սկսելով նախամարդէն, ան ապրած է քարայրներու մէջ, վախնալով գիշատիչ անասուններէ: Վախի զգացումը բնազդային զգացում է, որ գոյութիւն ունի բոլոր շնչող էակներու մօտ: Վախի զգացումը պաշտպանութեան առաջին օղակն է, պաշտպանելու համար էակը, որ վտանգի տակ է: Երբ վախցած ենք, մեր սրտի զարկերը կ’արագնան, կը քրտնինք, արեան հոսքը կ’ուղղուի մարմնի ծայրամասերէն դէպի ներքին գործարաններ, մկանները կը պրկուին եւ մարմնի ամբողջ կազմը կը պատրաստուի ընկալելու այդ վախին պատճառ եղող իրականութիւնը: Մեծ տարբերութիւն կայ մտահոգութեան (anxiety) եւ վախին միջեւ: Օրինակի համար, երբ կը լսենք, թէ մեր քալած վայրին մէջ արջ տեսնուած է, կը սկսինք մտահոգուիլ: Սակայն, երբ հեռուէն կը նկատենք արջը, արդէն մտահոգութիւնը կը վերածուի վախի զգացումի, իր բոլոր վերոյիշեալ ցուցանիշներով:
Աղբիւր,` ՙPsychology of Fear՚
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
ԽԷ. ՄԱՍ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Արեւմտեան Հայաստանի հարցին վերաբերող պատմութեան ծալքերը ու անոնց վերլուծումը: Ներկայացնելէ ետք փանթուրքիզմ շարժումի հիմնադիրները, որոնք մեծամասնութեամբ սիոնիստ հրեաներ էին, պիտի շարունակենք ներկայացնել թէ որո՞նք հովանաւորեցին փանթուրքիզմը եւ ի՞նչ նպատակներու համար:
Անշուշտ այդ օրերուն, բոլոր գործիչները հաւկոյր չէին: Սապահգիւլեան դիտել կու տար, որ սիոնականներ աւելի վտանգաւոր թշնամիներ էին քան նոյնինքն թուրք սուլթանը, եւ կը թարգմանէր ՙԺուռնալ Տը Ներպատ՚ի մէջ լոյս տեսած պերճախօս յայտարարութիւնը սիոնիստ Պերնառ Շթերնի, որ կ’ըսէր` ՙթուրքերու պաշտպանութիւնը հրէական հայրենասիրութեան ձեւ մըն է՚: Եւ նոյնիսկ սիոնիստ Փրոֆ. Հիումէն չէր վարաներ յայտարարելու, թէ հրեաներու զարգացման նախապայմանն էր հայերու աւելի մեծ աղէտներու ենթարկուիլը:
Մեծ Եղեռնը չէր ուշանար ձեժռամբ այն երիտթուրքերուն, որոնց հետ իր անհեռատես գործակցութեան հետեւանքով ալ Հ.Յ.Դ. հրաժարած էր նոյնիսկ Պերլինի դաշնագրի յօդուած 23-րդէն եւ 61-րդէն, որ դարբնած էր սիոնիստ Տիզրայէլին (1874-1880), վիժեցնելով Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի հայանպաստ 16-րդ յօդուածը…:
(Շարունակելի)
Աղբիւր, ՙՍիոնիզմի եւ Բանթուրքիզմի Առնչութիւնները՚, Մեթր Գ. Տէրտէրեան, 1990
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ԻՆՍԻՒԼԻՆԻ ԴԵՂԱՀԱՏ
Խումբ մը հետազօտողներ Գանատայի ՙՊրիթիշ Քոլոմպիա՚ գիտահետազօտական կեդրոնէն կատարած են հետազօտութիւն մը` գտնելու համար ձեւ մը շաքարախտէ տառապաողներուն ինսիւլին տրամադրելու առանց սրսկումի: Հետազօտութեան ընթացքին անոնք նկատած են, որ իրենց դեղահատը, որ փորձուած է առնէտներու վրայ, ճիշդ սրսկումի ձեւին նման կը մտնէ անոնց արեանին շրջանին մէջ:
Այս փորձը յաջողելու պարագային, շատ մօտ ատենէն շաքարախտի հիւանդներ այլեւս ինսիւլին ստանալու պէտք պիտի չունենան ասեղի միջոցով, այլ զայն պիտի ստանան դեղահատի միջոցով: Աշխարհի վրայ կան մօտ 9 միլիոն առաջին կամ ժառանգական տեսակի շաքարախտէ տառապողներ: Այս լուրը լաւ ձեւով պիտի ընդունուի անոնց կողմէ:
Աղբիւր` ՙhttps://www.sciencedaily.com՚
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՈՒՇ ՄԻՋՆԱԴԱՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ
ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ – Թ. ՄԱՍ
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կամ Կլայեցի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ամենաբեղուն ու լուսաւոր հայրապետներէն մէկն է:
Հոս կը մէջբերենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին ՙՆախադրութիւնք` Խրատական՚ը, որ գրած է ՙՀաւատով Խոստովանիմ՚ աղօթքին սկիզբը.
ՙԱրդ, մենք կ’աղաչենք որ բարերարն Աստուած, բանայ ձեր միտքը, յօժարութեամբ սորվելու համար զայս, աղօթելու եւ Իրեն սիրելի ըլլալու: Եւ ձեր աղօթքի պահուն յիշեցէ՛ք ի Քրիստոս, Գրիգորիս կաթողիկոսը/, եւ իր եղբայրը Ներսէսը, որ յօրինողն է այս աղօթքին: Եւ դուք որ կ’օրինակէք այս աղօթքը, գրեցէ՛ք անոր հետ նաեւ այս խրատականը, որոնք որ զայս կը գրեն, պիտի գրուին յաւիտենական կենաց դպրութեան մէջ՚:
Միայն ՙՀաւատով Խոստովանիմ՚ աղօթքը բաւարար է վարկ բերելու համար սիրելի Հայրապետին: Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել աղօթքին գրաբար եւ աշխարհաբար տարբերակները:
Հաւատով Խոստովանիմ
Խնամող արարածոց, պահեա նշանաւ խաչի քո զհոգի եւ զմարմին իմ ի պատրանաց մեղաց, ի փորձութեանց դիւաց, եւ ի մարդոց անիրաւաց, եւ յամենայն վտանգից հոգւոյ եւ մարմնոյ. եւ ողորմեա՛ քո արարածոց ե՛ւ ինձ` բազմամեղիս:
Արարածները խնամող Տէր, Քու խաչիդ նշանովը պահէ հոգիս եւ մարմինս մեղքի խաբկանքներէ, դեւերու փորձութիւններէ, անիրաւ մարդերէ եւ հոգիի եւ մարմինի ամէն կերպ վտանգներէ. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ ե՛ւ ինձ` բազմամեղիս:
(Շարունակելի)
ՙՀայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն՚, Մանուկ Աբեղեան, Տպ. Սեւան, 1968
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ՈՒԻՆՏՈԶԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ – Բ. ՄԱՍ
Եթէ կ’ուզէք ծրագիրներ որոնք կ’աշխատին առանց ՙinstall՚ ընելու, ուրեմն դուք պէտք ունիք այս ծրագիրներուն, որ կրնաք դնել ձեր տիսքին վրայ եւ աշխատցնել առանց ՙinstall՚ի, միայն վրան սեղմելով: Շարունակենք սերտել այն կայքէջերը, որոնք կը պարունակեն այս ծրագիրները:
Առաջին կայքէջն է PenDriveApps.com: Այս կայքէջը կը պարունակէ ծրագիրներ 60 դասակարգրու մէջ:
Աղբիւր` ՙwww.makeuseof.com՚
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ