Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան ժողովին սկիզբը գնահատեց այն զոհողութիւնը, որ կատարեցին հայ զինուորները հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Կառավարութեան անդամները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին զոհերուն յիշատակը: Վարչապետը յայտարարեց, որ զոհերուն պաշտօնական թիւը 135 է: Անշուշտ կան կորսուած զինուորներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: