Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր ժողովի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան առնչութեամբ: Ըստ Փութինի, բոլորին ջանքերով մագլցումը դադրած , սակայն լարուածութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Այս ժողովէն առաջ նախագահ Փութին հեռախօսային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հետ, որ տիրող վիճակին պատճառով բացակայած էր Սամարղանտի գագաթաժողովէն: