Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՄԻԱՅՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՅՍՏԱԿ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՆԽԵԼ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ՚

September 15, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՙՄԻԱՅՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՅՍՏԱԿ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՆԽԵԼ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ՚

ԵԱՀԿ-Ի ՄԷՋ ՀՀ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

ԵԱՀԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան մասնակցած եւ ելոյթով հանդէս եկած է Հայաստանի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին:

Արմէն Պապիկեան ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ 13 Սեպտեմբերին սանձազերծուած ռազմական յարձակման:

Դեսպան Պապիկեան նշած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ Ժընեւի ուխտերու բացայայտ խախտմամբ, գնդակոծութեան ենթարկած են հայկական շարք մը բնակավայրեր` օգտագործելով ծանր սպառազինութիւն, այդ շարքին` հրետանային միջոցներ, ականանետներ ու ԱԹՍ-ներ:

Նշուած է, որ Ատրպէյճանի այս յարձակումը ԵԱՀԿ հիմնարար սկզբունքներուն եւ յանձնառութիւններուն, ՄԱԿ կանոնադրութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ արաքին կոպտագոյն խախտում է:

Անդրադառնալով միջազգային հանրութեան պատշաճ արձագանգի անհրաժեշտութեան` դեսպան Պապիկեան ընդգծած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման յստակ եւ միանշանակ դատապարտման կարեւորութիւնը ԵԱՀԿ եւ անոր մասնակից պետութիւններուն կողմէ: Շեշտուած է, որ միայն Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններուն վերաբերեալ յստակ արձագանգը եւ համարժէք գնահատականը, ներառեալ միջազգային հանրութեան կողմէ համապատասխան գործուն քայլերը կրնան կանխել նոր պատերազմը տարածաշրջանին մէջ:

Ան նշած է, որ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի հետագայ կիրառումը կը խաթարեն տարածաշրջանին մէջ ընթացող գործընթացները` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող եւ անոնցմէ բխող բոլոր հարցերու կարգաւորման:

ԵԱՀԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման օրակարգին: Ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան` որպէս միջազգայն մանտաթ ունեցող բանակցային ձեւաչափի, ջանքերուն կարեւորութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԱՂՕԹՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post

ԵՂԻՇԷ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ԴԻՄԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՏԱՐԱԾՈՒՈՂ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒՑՈՂ ՀԱՅ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post
ԵՂԻՇԷ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ԴԻՄԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՏԱՐԱԾՈՒՈՂ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒՑՈՂ ՀԱՅ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԵՂԻՇԷ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ԴԻՄԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՏԱՐԱԾՈՒՈՂ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒՑՈՂ ՀԱՅ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.