Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ մինչեւ երէկ 105 հայ զինուոր զոհուած են Ատրպէյճանի հետ բախումներու ընթացքին: Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ երէկ առաւօտ ատրպէյճանական ուժեր շարունակած էին հայկական դիրքերու եւ սահմանամերձ գիւղերու ռմբակոծումը, մանաւանդ Ջերմուկ եւ Վերին Շորժա շրջաններուն մէջ: Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան յայտարարած էր, որ բախումները այս թափով շարունակուելու պարագային կրնան վերածուիլ բաց ճակատամարտի: