Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

September 14, 2022
in Գաղութային, Հայաստան
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռումանիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործերու փոխնախարար Իւլիան Ֆոթայի գլախաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի` Հայաստանի հանդէպ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն, որուն հետեւանքով կան զոհեր, վիրաւորներ եւ աւերածութիւններ: Այս առնչութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յոյս յայտնեց, որ միջազգային հանրութիւնը միջոցներու պիտի ձեռնարկէ զսպելու Ատրպէյճանի յարձակումը` յանուն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Փոխնախարար Իւլիան Ֆոթան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած հայորդիներուն առիթով` վստահեցնելով, որ Ռումանիոյ կառավարութիւնը ամէն ջանք պիտի գործադրէ նպաստելու տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման: Իւլիան Ֆոթան յոյս յայտնեց, որ իր այցը Հայաստան պիտի նպաստէ երկու բարեկամ երկիրներու փոխյարաբերութիւններու աւելի խորացմանն ու սերտացման:

Փոխնախարարը Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին փոխանցեց նաեւ Ռումին Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Դանիէլ պատրիարքին ողջոյններն ու բարեմաղթանքները:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ դարաւոր ջերմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ռումանահայ համայնքի ներգրաւուածութեան Ռումանիոյ կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ եւ երկրի զարգացման գործընթացին: Հայոց Հովուապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ռումանիոյ իշխանութիւններուն եւ Ռումին Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ռումանահայ համայնքի եւ Ռումանիոյ հայոց թեմին նկատմամբ դրսեւորուող հոգատար վերաբերմունքին համար:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԿՈՉ Կ՛ԸՆԵՆՔ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԽՍՏՕՐԷՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` ԶԵՐԾ ՄՆԱԼՈՎ ԱՆՀԱՍՑԷ ԿՈՉԵՐԷՆ՚

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՒՂԵՐՁԸ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՒՂԵՐՁԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.