Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈՒՆԻ ԲՈԼՈՐ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ` ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԶԷՆՔ-ԶԻՆԱՄԹԵՐԹ՚

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

September 14, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՙՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈՒՆԻ ԲՈԼՈՐ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ` ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԶԷՆՔ-ԶԻՆԱՄԹԵՐԹ՚

 

Հայաստանը ունի բոլոր ֆինանսական միջոցները` ձեռք բերելու անհրաժեշտ պաշտպանական զէնք-զինամթերքը. կան երկիրներ, որոնք պատրաստ են զէնք վաճառելու ՀՀ-ին, սակայն ոչ բոլոր երկիրները պատրաստ են, բացի այդ, կայ նաեւ ճանապարհային հարց: Այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի նիստին:

ՙՔաղաքացիական Պայմանագիր՚ խմբակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեան հետաքրքրուեցաւ` կրնա՞յ որեւէ երկիր արգիլել, որ Հայաստանը ինքնապաշտպանական զէնքեր ձեռք բերէ` պաշտպանելու երկիրը ատրպէյճանական յարձակումէն:

ՙԶէնք-զինամթերք ձեռք բերելու վերաբերեալ հարցը մենք կը դիտարկենք որպէս մէկ ամբողջութիւն, ինչ որ տրամաբանական է: Բայց այդ հարցը իրականութեան մէջ բաղկացած է 4 բաղադրիչէ: Առաջինը ֆինանսական բաղադրիչն է, երկրորդը` քաղաքական, երրորդ բաղադրիչը` տեխնիկական, չորրորդը` ճանապարհային փոխադրութեան: Եւ, երբ մենք կը խօսինք զէնք-զինամթերքի ձեռքբերման մասին, պէտք է արձանագրենք, որ այն բաղկացած է այս 4 բաղադրիչներէն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր ունի բոլոր ֆինանսական հնարաւորութիւնները` ձեռք բերելու իրեն անհրաժեշտ պաշտպանական զէնք-զինամթերք: Երկրորդ բաղադրիչը քաղաքականն է. բնականաբար ոչ-բոլոր երկիրներն են, որ պատրաստ են զէնք վաճառելու ՀՀ-ին, բայց կան երկիրներ, որոնք պատրաստ են զէնք վաճառելու ՀՀ-ին: Բայց կան երկիրներ, որոնք պատրաստ չեն այն փաստին, որ Հայաստանը այն երկրէն, որ պատրաստ է իրեն զէնք վաճառելու, զէնք գնէ՚, ըսաւ Փաշինեան:

Ըստ անոր` այդ պատրաստ ըլլալ եւ չըլլալը կը բերէ հետեւանքներու` այդ շարքին անվտանգային: Վարչապետը նշեց, որ սովորաբար զէնք կը գնեն անվտանգային սպառնալիքը կառավարելու համար, բայց կ՛ըլլան իրավիճակներ, երբ զէնք գնելը կապուած է անվտանգային նոր սպառնալիքներ ստեղծելու հետ:

Խօսելով տեխնիկական խնդիրէն` ան ըսաւ, որ կան որոշ երկիրներ, որոնք կ՛ուզեն, պատրաստ են ՀՀ-ին զէնք վաճառելու եւ չկայ որեւէ խնդիր, բայց չունին անհրաժեշտ զէնքը ամենատարբեր առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով: ՙՕրինակ` այն տրամաբանութեամբ, որ անոնց արտադրական ծաւալներն ու պատուէրները յառաջիկայ տարիներուն, երբեմն շատ երկար տարիներու կտրուածքով այնպէս դասաւորուած են, որ անոնք նաեւ ներքին կարիքներու, նաեւ շուկային մէջ իրենց դիրքը չկորսնցնելու համար պէտք է պայմանագրային որոշ պարտաւորութիւններ կատարեն՚, ըսաւ Փաշինեան:

Խօսելով ճանապարհային փոխադրութեան բաղադրիչէն` ան ընդգծեց, որ ցաւօք, Հայաստանը ելք չունի դէպի ծով: Ըստ անոր` շատ պարագաներու ճանապարհային փոխադրութեան բաղադրիչը իր բարդութեամբ չի տարբերիր նախորդ բաղադրիչներէն, երբեմն աւելի կը սրի` այդ շարքին առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով:

Վարչապետը յաւելեց, որ չ՛ըսեր, թէ ֆինանսական միջոցները անսահմանափակ են, սակայն, պաշտպանունակութիւնը էականօրէն բարձրացնելու, այդ առումով բաւարարուած զգալու խնդիրը լուծելու համար կան անհրաժեշտ ֆինանսական միջոցներ: Իսկ արդեօք կառավարութիւնը կ՛աշխատի՞ հնարաւոր խնդիրները յաղթահարելու համար, ան վստահեցուց, որ կ՛աշխատին ամէնօրեայ կարգով:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄ

Next Post

ԵԽ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Next Post
ԵԽ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

ԵԽ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.