Միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներ այցելած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն: Սեպտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած այցելութեան, ներկայացուցիչները քննած են գերիներու առողջական վիճակը եւ անոնց մնալու պայմանները: Առիթ տրուած է նաեւ գերիներու հաղորդակցիլ իրենց ընտանիքներուն հետ, հեռախօսի, նամակի կամ տեսաուղերձի միջոցով: