Թանգարաններու միջազգային ժողովին Ատրպէյճան ներկայացուցած է հակահայկական թեզ, ըստ որուն, հայեր հաշուեյարդարի ենթարկած են ատրպէյճանական, մահմետական եւ աղուանական մշակութային ժառանգը: Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Համլէթ Պետրոսեան կը զարմանայ, թէ ինչու հայկական կողմը չէ ներկայացուցած Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի մշակութային ժառանգի հարցը: Ատրպէյճան անվերջ կը ստէ մինչեւ որ մարդիկ սկսին հաւատալ: Ատրպէյճան նաեւ կը փորձէ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին ներակայցնել որպէս ուղղափառ, ոչ-հայկական եկեղեցի: