Զահլէի նախկին երեսփոխան Սեզար Մաալուֆ ընկերային ցանցերուն մէջ կատարեց յայտարարութիւն մը, ուր կոչ կ’ուղղէ բոլոր համայնքներու քաղաքական ղեկավարութեան` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ կազմելու ղեկավարներէ բաղկացած կառավարութիւն, որպէսզի արագ լուծում տրուի երկրին առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրներուն, առնելէ ետք խորհրդրարանի վստահութեան քուէն ու նախագահին ստորագրութիւնը: Ըստ Մաալուֆի, այդ ղեկավարներուն միջեւ եղած անհամա,ձայնութիւնն է որ երկիրը հասցուց սահմանադրական դատարկութեան: Հակառակ պարագային, կը յայտնէ Մաալուֆ,ՙբոլորդ պատրա
ստ եղէք հիմնադիր համագումարի մը կայացումին, որ պիտի պարտադրուի դուրսէն, որովհետեւ ձեր պարտականութիւնը ճիշդ ձեւով չկատարեցիք եւ ոտնակոխեցիք սահմանադրութիւնը ու զայն բացատրեցիք ձեր ուզած ձեւով՚:
Մաալուֆ աւելցուց, որ բոլորը պատրաստ պէտք է ըլլան մասնակցելու ազգերու միջեւ եղած պայքարին, որովհետեւ բոլորն ալ դուրսը վարպետներ ունին եւ գերիշխանութիւնը իրենց համար փոքր մանրամասնութիւն մըն է: