Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

September 5, 2022
in Յօդուածներ
0
ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱնհետացող Արհեստներ՚ յօդուածաշարքով պիտի անդրադառնայ հայկական աւանդական, անհետացող կամ պարզապէս հետաքրքրական ու եզակի արհեստներու եւ այն մարդոց, որոնց ջանքերով կը պահպանուին անոնք:

 

 

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՀԵՍՏ, ՈՐ ՆԱԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ Է

 

Երբ կը խօսինք ձեռագիր Աւետարաններէն, շատերս անմիջապէս կը յիշենք զանոնք զարդարող շքեղ մանրանկարները: Մեր օրերուն մէջ դժուար է պատկերացնել գրիչ կամ ծաղկող մասնագէտներ, որոնք կը գրէին ձեռագիր Աւետարանը եւ կը նկարազարդէին զայն: Գիրերու գիւտէն յետոյ` 5-րդ դարէն սկսեաալ, ասոնք ամենապահանջուած մասնագիտութիւններն էին, որոնք աստիճանաբար վերացան տպագրութեան գիւտի ի յայտ գալով, երբ արդէն ձեռագիր գիրքերու անհրաժեշտութիւն չկար: Սակայն, կը պարզուի, մեր օրերուն ալ` 21-րդ դարուն կան մարդիկ, որ ձեռագիր Աւետարաններ կը գրեն` զանոնք զարդարելով գեղեցիկ մանրանկարներով: Անոնցմէ մէկը Լիլիթ Ամիրճանեանն է, որ կը բացայայտէ ձեռագիր Աւետարաններ գրելու եւ նկարազարդելու իր պատմութիւնը:

Ես շատ կը սիրէի այն ամէնը, ինչ հոգեւոր էր, աստուածայինի հետ կապուած: Արուեստի, մշակոյթի հետ կապը եւս ժառանգական է: Հայրս բանաստեղծութիւններ կը գրէր, կը նկար էր ինքնուս: Մայրս ալ գրելու շնորհք ունէր: Մեծ ահյրս շինարար էր` կը փորագրէր: Հօրս մօր մեծ հայրերը քահանաներ եղած են` Դերունց:  Նախ, կը կարծեմ, այդ ժառանգական է, երկրորդ` իմ էութիւնն է այդպիսին:

 

Կը նկարէի Տանթէի ՙԱստուածային Կատակերգութեան՚ մոթիվներով` քաւարան, դժոխք, դրախտ: Ընդամէնը 16-17 տարեկան երեխայ էի ու այդ  թեմաներով կը նկարէի: Տանթէի ՙԱստուածային Կատակերգութիւն՚ի հօրս գիրքերէն էր: Թերթեցի, կարդացի, շատ հետաքրքրած էր: Զիս շատ կը հետաքրքրէին յատկապէս դժոխքի տեսարանները, որովհետեւ, երբ ինչ-որ անարդարութիւն կը տեսնէի, հոգիիս շատ ցաւ կը պատճառէր` ինծի հետ կապուած ըլլար, թէ ուրիշի: Այդ ցաւը զիս կը ստիպէր, որ ես զայն նկարէի, արուեստի մէջ դրսեւորէի:

Այն ժամանակ չէի ուզեր դասաւանդել, կը կամենայի ստեղծագործել: Մանկավարժական հիմնարկը աւարտելէ յետոյ մեզ բոլորս կը գործուղէին դպրոցներ` որպէս նկարչութեան ուսուիչ, բայց ես կ՛ուզէի ստեղծագործել: Ուսումնական ամբողջ չորս տարիներու ընթացքին ոչ միայն սորված եմ ակադեմական նկարչութիւն, այլեւ ստեղծագործած եմ: Ներսէս կը բխէր ուղղակի:

 

Յետոյ կամաց-կամաց ՙԱստուածային Կատակերգութիւն՚էն տեղափոխուեցայ աստուածաշնչեան թեմաներու: Համալսարանը աւարտելէ յետոյ ընդունուեցայ աշխատանքի Մատենադարան: Ես այնտեղ կրկնօրինակումներ կը կատարէի: Այդ մէկ կողմէն լաւ էր` կը սորվէի, շատ գիտելիք ձեռք կը բերէի, որովհետեւ մանրանկարչական արուեստը ամբողջ ակադեմական դպրոց մըն էր: Մեր գեղանկարչութեան հիմքը մանրանկարչական արուեստն է:

Ես ստեղծագործող մարդ եմ եւ չեմ կրնար զուտ կրկնօրինակումներով բաւարարուիլ: Տան մէջ, աշխատավայրին մէջ զուգահեռ կը զբաղէի գիրքերու ձեւաւորումներով` մանրանկարչական ոճով: Օրինակ` մանրանկարչական ոճով կատարած եմ Նահապետ Քուչակի ՙՀարիւրումէկ հայրէններ՚ու պատկերազարդումը: Այսինքն, կրկնօրինակման զուգահեռ կ՛ընթանար նաեւ ստեղծագործական կեանքը, բայց բեկումնայինը 1995 թուականն էր, երբ ես ուխտ ըրի Աւետարան նկարազարդել եւ գրել: Այդ, կրնամ ըսել, բեկումնային էր ոչ միայն իմ կեանքին մէջ, այլեւ իմ ստեղծագործական կեանքին մէջ, որովհետեւ այդպիսի մեծ գործ դեռ չէի կատարած: Այդ Աստուծոյ շնորհիւ էր, որ ըրի. Աստուած էր, որ զիս թելադրեց:

 

Առաջին Աւետարարանի ստեղծումը տեւեց ընդամէնը մէկուկէս տարի` 1995-1997 թուականներուն: Երբ այդ թելադրանքը եղաւ ի վերուստ, կը կարծէի, որ 10 տարի պիտի աշխատիմ` գրեմ ու նկարազարդեմ: Բայց այդ հրաշք է, որովհետեւ անհաւատալի է, որ մէկ հոգի ե՛ւ գրէ, ե՛ւ նկարազարդէ ե՛ւ լուսանցազարդերը, թռչնագրերը, գլխագրերը, խորանազարդ-գլխազարդերը նկարէ ու ընդամէնը մէկուկէս տարուան մէջ: Այդ կը նշանակէ, որ այդ հրաշքը կը կատարուի ի վերուստ տրուած ուժերու շնորհիւ:

Աւետարանը կը ներառէ Մաթէոս, Մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննէս աւետարանիչներու Աւետարանները` իրենց ամբողջական բնագրերով եւ 30 մանրանկար-պատկերներով` մօտ 400 թերթ: Նկարազարդումներ, որոնք ես կատարած եմ ստեղծագործաբար. անոնք կրկնօրինակում չեն` հինի, աւանդականի նորովի կը մեկնաբանեն` պահպանելով մեր աւանդական պատկերագրական կանոնները:

 

Իմ բոլոր ստեղծագործութիւները, յատկապէս Աւետարանները, ստեղծած է Աստուած` իմ ձեռքով: Առաջինը աւարտելէն յետոյ երկրորդ Աւետարանին նախանշանը եղաւ: Առաջին Աւետարանը տեսած էի մեր տան դրան շեմին դրուած` նոյն գոյնի կազմով` մինչեւ գրելը: Երկրորդ Աւետարանը տեսիլքով տեսայ Մատենադարանին մէջ իմ սեղանիս դրուած: Այդ թելադրանք էր, որ սկսիմ երկորդը, որուն ստեղծումը տեւեց 1997-2000 թուականներուն` երեք տարի: Երկրորդ Աւետարանը դարձեալ չորս աւետարանիչներու ամբողջական բնագրերով է` 14 մանրանկարներով, ունի 305 թերթ:

 

Ես չէի գիտեր, որ աշխարհի մէջ չկան Աւետարան նկարազարդողներ: 2000 թուականին Տապլինի մէջ մասնակցեցայ ՙՍուրբ գիրքերու պատկերազարդման արուեստը՚ թեմայով միջազգային համագումարի: Զիս հրաւիրած էին որպէս Աւետարան նկարազարդող, որովհետեւ Հայաստանի մէջ այդպիսի մէկը չկար, միայն ես էի: Այնտեղ պարզեցի, որ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ ալ այժմ չկան Աւետարան նկարազարդողներ: Այդ համագումարին Աւետարանի նկարազարդման մասին իւրաքանչիւր եւրոպական երկրի ներկայացուցիչ կը ներկայացնէր իր Սուրբ Գիրքը: Հունգարիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն,

Զուիցերիայէն, Անգլիայէն, Իրլանտայէն եւ նոյնիսկ Իսրայէլէն գիտնականներ կային: Բոլորը կը ներկայացնէին հին Սուրբ Գիրքերը, որոնք ստեղծուած էին մինչեւ ամենաուշը 16-րդ, 17-րդ դարերը, երբ արդէն տպագրական տեխնիկան ստեղծուեցաւ, եւ Սուրբ Գիրքերը արդէն կը տպագրէին: Ես ալ ներկայացուցի մեր օրերուն գրուած, նկարազարդուած գիրքը:

 

Առաջին երկու Աւետարանները կատարուած են թուղթի վրայ, երրորդը` մագաղաթի: Միջազգային համագումարին ինծի մագաղաթէ թերթեր նուիրեցին: Այդ թերթերը կարծես նախանշաններ էին, որ պէտք է մագաղաթի վրայ նկարեմ: Այդ քանի մը թերթի վրայ չորս նկար կատարեցի, ու յաջորդ քայլը արդէն մանրանկարներու եւ ամբողջ Աւետարանի համար մագաղաթ հայթայթելն էր: Անոր համար մենք Մատենադարանի նախկին տնօրէն, ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանի հետ միասին Վեհափառ Հայրապետին դիմում-խնդրանք գրեցինք, որ օժանդակէ մեզի արտասահմանէն մագաղաթներ ձեռք բերելու գործին մէջ, որովհետեւ մեր տեղական մագաղաթը կոպիտ է: Վեհափառը տրամադրեց գումար, եւ անոր շնորհիւ մենք կրցանք Հոլանտայէն ձեռք բերել հոլանտական այծի կաշիէ նրբագոյն, որակեալ մագաղաթ, որուն վրայ ես արդէն գրեցի եւ նկարազարդեցի երրորդ Աւետարանը: Այդ ընդհատումներով տեւեց մօտ 6 տարի` կապուած մագաղաթի ձեռքբերման հետ` 2002-2008 թուականներուն:

 

Շատերը կ՛ըսէին` ի՞նչ իմաստ ունի, չէ՞ որ տպագիր Աւետարան կայ: Կ՛ըսէին` ինչի՞դ պէտք է. Սուրբ Գիրք կայ, այդքան կը տպագրեն աշխարհին մէջ, տաժանակիր աշխատանք է: Բայց ես նկարելու, գրելու ժամանակ որեւէ դժուարութիւն չեմ զգացած. ես չեմ իմացած, թէ տարիները ինչպէս անցած են: Ի վերջոյ, նոյնիսկ տպագրութեան ժամանակ մեր գրիչներն ու ծաղկողները չեն դադրած Սուրբ Գիրքը ձեռքով գրելէ` մինչեւ 19-րդ դարը եւ աւելին: Ես, ի հարկէ, յաղթահարեցի այդ փորձութիւնը, քանի որ, համոզուած եմ, երբ Սուրբ Գիրքը գրիչի եւ ծաղկողի կողմէ գրուած է աստուածային ներշնչանքով, շատ աւելի մեծ արժէք է, քան տպագիրը: Այժմ Աւետարաններէն մէկը Մատենադարանի գրապահոցին մէջ արձանագուած է եւ արդէն համար ունի` 11267:

 

www.mediamax.am

(2017)

 

1) Լիլիթ Ամիրճանեան

2) Լիլիթ Ամիրճանեանի գրած եւ նկարազարդած առաջին Աւետարանը

3) Առաջին Աւետարանի նկարազարդումներէն

4) Պատկերներ Լիլիթ Ամիրճանեանի ստեղուած Աւետարաններէն

6) Լիլիթ Ամիրճանեանը. նկարազարդման ընթացքին

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆՇԵՑ ԻՐ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Next Post
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆՇԵՑ ԻՐ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆՇԵՑ ԻՐ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.