Տեղահանութեան տասնամեակ
Արտասովոր մթնոլորտի, փխրուն եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ Կիրակի, 26 Օգոստոս 2012-ին, կատարուեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ հրաշագործ սուրբին նուիրուած պատարագը, վերջին ուխտագնացութիւնը, շատ համեստ տօնակատարութիւնը: Եագուպիէի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ ուխտավայրը յատկանշական եւ անմոռանալի հայկական ուխտավայրերէն մէկն էր վերջին դարու սուրիահայ իրականութեան մէջ:
Տասը տարի անցած է 2012 թուականէն, ուր լսելի չեն Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Իտլիպ նահանգի վարչական տարածքին մէջ եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ Եագուպիէ հայկական գիւղի Ս. Աննա եկեղեցւոյ շատ մասնայատուկ զանգի զնգզնգոցը: Լռած են ուխտատեղի Ս. Աննայի խորհրդաւոր մատուռէն հաւաքական աղօթքներուն մրմունջները, Եկեղեցւոյ բարձրախօսներէն մինչեւ ձորեաններ լսուող պատարագի աղօթքներն ու շարականները: Չեն լսուիր հրաշագործ Ս. Աննայէն օրհնութիւններ խնդրողներուն աղերսները, թախանձագին աղաչանքները:
Յուշեր են նաեւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ, թէ շրջափակին եւ կողքին գտնուող եկեղեցապատկան բարիքի խորհրդանիշ` ձիթաստաններու մէջ ուխտագնացութեան առիթով վրաններ լարած եւ իբրեւ ուխտաւոր գիշերողներուն ապրուած յիշատակները: Ուխտաւորներ, որոնք նախօրոք արձանագրուած եւ յատուկ տեղ գրաւած ու եկեղեցւոյ թաղականութենէն արտօնութիւն առած կ՛ըլլային եկեղեցւոյ մէջ գիշերելու, ըլլան անոնք սուրիահայեր թէ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ժամանած հայորդի ուխտաւորներ, քրիստոնեայ զանազան համայնքներու զաւակներ, նոյնիսկ ոչ-քրիստոնեայ ուխտաւորներ: Տեղի չեն ունենար բերքօրհնէքի, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով ոսկեհամ խաղողի օրհնութիւնը: Չի կատարուիր Օգոստոսի վերջին Շաբաթ օրուան մատաղներուն զենումը, յաջորդող Կիրակի օրուայ հաւատացեալներուն եռուզեռը, հոծ բազմութեամբ օրուան առաջնորդին եւ ազգայիններու շքախումբին մասնակցութեամբ Ս. Աննային նուիրուած Կիրակի պատարագէն ետք մատաղօրհնէքը, աւանդական համեղ հերիսան, ժողովրդային տօնախմբութիւնը:
Իբրեւ հալէպահայ, ինչ-ինչ յիշատակներ կը վերագծուին, կը վերակենդանանան յիշողութեանս մէջ, վերյիշելով եւ յուշագրելով հայկական Եագուպիէի կենսապատումը, լուսարձակի տակ առնելով անցեալի ապրուած օրերու պատկերաշարանի մը մանրապատումները, Ս. Աննայի նուիրուած աւիշով լեցուն Օգոստոս ամսուն վերջին շաբաթը, նոյն ամսուն վերջին Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը եւ կամ այլ առիթներ, ենթաոլորտներ: Մտքիս մէջ կը տողանցեն այդ գիւղին մէջ բնակուած, հայկական հետքերով համակուած երկար տարիներու անդարձ, բայց հայակապ անցեալի տաքաշունչ յիշատակներ, որոնք անհնար է չյիշել, անոնք մտքիս մէջ անհատնում նիւթերու դռներ կը բանան:
Այդ գիւղին մէջ հայկական հետքերու փճացումը, քանդումը մեզ կը մղէ դէպի անցեալ վերադառնալու եւ վերարտադրելու հաւաքական ինքնութեան ծալքերը, հաւատալով որ յիշողութիւնը ինքնութիւն է, սփիւռքահայ մարդուն համար յիշողութիւնը առանցքային մէկ բաժինն է, իսկ յիշելը տառապանք է:
Գլխաւորաբար ժողովրդավարութեան լոզունգի պատրանքներով, կեղծ ու միջազգային դաւադրութեամբ մը բոցավառող արաբական գարունը 15 Մարտ 2011-ին Սուրիա այցելեց: Աննախատեսելի տագնապ մը ծայր առաւ եւ տարածուեցաւ Սուրիոյ ամբողջ տարածքին, հասնելով մինչեւ երկրի հիւսիսային հեռաւոր Եագուպիէի ծայրամասը, որ անբաժին չմնաց այդ մղձաւանջէն, տառապեցնող եւ քստմնելի անկիւնադարձ մը արձանագրեց, որ տակաւին կը շարունակուի Եագուպիէի պատմութեան մէջ:
Սուրիական պետական բանակը, որ Ճսըր Շղուր գիւղաքաղաքէն դէպի հիւսիս իր դիրքերը ամրապնդած էր, մինչեւ Եագուպիէ, Քընայէ եւ Ճտէյտէ շրջանին մէջ, իրարու շատ մօտիկ Թուրքիոյ սահմանամերձ երեք քրիստոնեայ արաբախօս գիւղեր: Սուրիական պետական բանակը ձեւով մը երաշխիք էր ու պաշտպան, թեւ ու թիկունք կը համարուէր այդ շրջանի Սուրիոյ պետութեան հովանաւորութիւնը եւ անվտանգութիւնը վայելող բնակիչներուն համար, անոնց մէջ ըլլալով նաեւ Եագուպիէի հայերը:
Սուրիական բանակը զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկած էր` ազատագրելու Իտլիպ նահանգը, այդ շրջանի գիւղերն ու տարածքները ՙՃապհաթ ալ Նուսրա՚ի եւ տարբեր անուններով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Իտլիպի նահանգը դարձած էր արաբ եւ զանազան ազգութիւններէ մոլեռանդ վարձկան ահաբեկիչներէ, կրօնամոլ իսլամականներէ կազմուած ահաբեկչական խմբաւորումներուն կեդրոնական հաւաքավայրը: Ընդդիմադիր եւ հակապետական խմբաւորումներուն հիմնական լոզունգն էր ժողովրդավարութիւնը, իսկ գլխաւոր նպատակն էր տապալել իշխանութիւնը եւ Սուրիան ազատագրել իշխող վարչակազմէն:
Բնականաբար այս իրականութեան դիմաց պետական բանակը արիւնալի բախումներ ունեցաւ Ճսըր Շղուրի եւ ընդհանրապէս այդ շրջանի ընդդիմադիր ահաբեկչական ջոկատներու զինեալներուն հետ, որոնք ճկունութիւնը ունէին արագ մը փոխադրուելու եւ փախուստի դիմելու դէպի սահմանամերձ Թուրքիոյ հարաւային շրջանները: Տուեալ սահմանաբաժնի աշխարհագրական լեռնային շրջաններու պայմաններուն մէջ, ահաբեկիչներու վայրագութիւնները աւելի հեզասահ կ՛ընթանային, որով անոնք արագ ձեւով կ՛իրագործէին իրենց պղծութիւնները, ոճրագործութիւնները եւ ապա կը պատսպարուէին Թուրքիոյ իրենց բանակավայրերուն մէջ, ուր կը վայելէին թրքական իշխանութիւններու թոյլտուութիւնն ու հովանաւորութիւնը իբրեւ Թուրքիոյ վարձկան խմբաւորումներ: Այնքան ատեն որ Թուրքիա երբեք չէր ընդդիմացած այդ ահաբեկիչ խմբաւորումներու մարտավարութենէն կամ չէր գանգատած անոնց ներկայութենէն: Ի վերջոյ կռիւներու երկար այս մակընթացութիւններէն ետք, զինեալ ահաբեկիչ խմբաւորումները օր ըստ օրէ աւելի ուժեղանալով կարողացան գերիշխել այդ շրջաններուն վրայ:
ՙՃապհաթ Նուսրա՚ն մարդկային եւ կրօնական անհանդուրժողութեամբ, կրօնական տարրական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու կաշկանդման ու ոտնակոխման թշնամական իր վարքագիծը տարածեց ամբողջ Իտլիպի շրջաններուն մէջ: Հոն գտնուող քրիստոնեայ փոքրամասնութեան դիմաց երկու ելք կը մնար` ենթարկուիլ ահաբեկիչներուն բռնատիրական եւ իսլամական օրէնքներու գերիշխանութեան, հրաժարելով սեփական կրօնական եւ ազգային ինքնութենէն եւ իրաւունքներէն` ապրելու սիրոյն իր հողերուն վրայ եւ կամ լքելու իր դարաւոր հողերը, կալուածներն ու արտերը եւ հեռանալու` փրկելու համար իր գոյութիւնը:
Ռազմական, անկայուն եւ անապահով այս իրավիճակը, օրէ օր կրօնական եւ մարդկային ուռճացող աղէտը եւ մանաւանդ արիւնարբու ծայրայեղականներու կողմէ սպառնացող գոյութենական վտանգները պարտադրեցին, որ Եագուպիէի բոլոր զաւակները, մանաւանդ երիտասարդութիւնը դիմեն տեղահանութեան, արագ լքելու եւ հեռանալու իրենց տուներէն, կալուածներէն եւ մանաւանդ ապրուստի աղբիւրէն` ձիթաստաններէն, պտղատու այգիներէն ու բարեբեր արտերէն:
Սուրիական պետական բանակն ալ, որ Յունիս 2011-ին, հիւսիսային տարածքները եւ Եագուպիէի շրջանները պաշտպանելու համար հոն ինքզինք ամրապնդած էր, պարտադրաբար նահանջեց հեռանալով Եագուպիէ գիւղէն 27 Յունուար 2013-ին եւ իր դիրքերը զիջեցաւ Իտլիպի շրջանին մէջ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող եւ իսլամական մոլեռանդ օրէնքները գործադրող ծայրայեղական ահաբեկչական ՙՃապհաթ Նուսրա՚ին, որ Եագուպիէ մտաւ եւ իր դիրքերը ամրապնդեց 29 Յունուար 2013-ին եւ զէնքի բռնի ուժով ամբողջ շրջանը իր իշխանութեան եւ հակակշիռին տակ առաւ:
Ուստի երբ Եագուպիէն եւ մերձակայ շրջանները գրաւուեցան ծայրայեղ իսլամականներէն ու անոնց համակիրներուն կողմէ, այդ խուժանները սկսան յարձակիլ քրիստոնեայ գիւղերուն վրայ եւ ներխուժել տեղացիներուն բնակարանները: Ահաբեկիչներուն գիւղ մտնելէն ետք, գիւղը ամբողջութեամբ դատարկուեցաւ, բնիկները ակամայ տեղահան դարձան, անոնց տեղ ահաբեկչական խմբաւորումները արաբ ու թուրքմէն ընտանիքներ բնակեցուցին: Դառն աղէտէն ստիպողաբար հեռացողները մեծ զոհողութիւններով, անյայտ ու խոպան ճանապարհներով երկար ճամբորդութենէ ետք կարողացան Հալէպ, Լաթաքիա հասնիլ: Աւելի քան տասնեակ մը եագուպիէցի ընտանիքներ հաստատուեցան նաեւ Քեսապի մէջ:
Այսօր հազիւ տասնեակ մը անկար ծերունիներ կը շարունակեն սեփական հողի վրայ հարկադրաբար, նուաստացուցիչ եւ կծու պայմաններու տակ դառնութեամբ ապրիլ Եագուպիէի մէջ, զրկուած են արդար, խաղաղ ու հանգիստ ծերութիւնը վայելելու իրաւունքէն:
Անպաշտպան մնացած էր նաեւ Եագուպիէի միակ հոգեւոր հովիւ բնիկ եագուպիէցի Տէր Վարդան Քհնյ. Մարտիրոսեանը: Եագուպիէի մէջ քսան երկար տարիներու եկեղեցանուէր իր ծառայութենէն ետք, ինք եւ երէցկինըª բնիկ եագուպիէցի Զարուհի Պայտունի (Ճերմակեան) եւ իր զաւակներուն հետ, պարտադրաբար 12 Դեկտեմբեր 2012-ին կը ստիպուին լքել գեղատեսիլ բնութեամբ Եագուպիէն, Ս. Աննա եւ Ս. Հռիփսիմէ Հայ առաքելական երկու եկեղեցիները, ազգապատկան կալուածները եւ մանաւանդ ազգապահպանման հիմնական սիւնը` ՙՎերածնունդ՚ հայ վարժարանը, որ հիմնուած է 1929-ին, եւ կը հեռանան հոգեհարազատ ծննդավայր Եագուպիէէն:
Այսօր, Սուրիոյ տագնապը բոլորած է իր տասնամեակը, սակայն Եագուպիէն չէ ազատագրուած, ուխտապահ եագուպիէցիները տուն ու գիւղ չեն վերադարձած: Հեռու են իրենց նուիրական օճախներէն, ճակատագրի անարդար վճիռը զիրենք գիւղէն եւ իրարմէ հեռացուցած է, ամէն օր քիչ մը աւելի կը հեռանան նոր սերունդին փոխանցելու իրենց տոհմիկ բարքերը, սեփական աւանդոյթներն ու սովորութիւնները, բայց սպասումի մէջ են:
Չեն կորսնցուցած վերադարձի յոյսը, համոզուած են, որ օր մը գիւղ պիտի վերադառնան, վերականգնեն ու վերանորոգեն իրենց օճախները, հաւատալով մանաւանդ հրաշագործ Ս. Աննայի նորահրաշ զօրութեան:
(Շարունակելի)
ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ