Լիբանանի Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիյէ յայտարարեց, որ Լիբանանի պետական հատուածը ունի եկամուտի աղբիւրներ, որոնք ճիշդ ձեւով օգտագործուելու պարագային մեծ հասոյթ կ’ապահովեն պետութեան: Ան որպէս օրինակ թուեց Թրիփոլիի նաւահանգիստը եւ Պէյրութի օդակայանը: Ըստ նախարարին, իր պաշտօնավարութեան շրջանին Թրիփոլիի նաւահանգիստին եկամուտը բարձրացաւ 4 միլիառ լիբանանեան ոսկիէն` Նոյեմբեր 2021-ին, 43 միլիառ լիբանանեան ոսկիի` Յունիս 2022-ին: Պէյրութի նաւահանգիստին եկամուտը Օգոստոս 2022-ին հասած է 13,5 միլիոն տոլարի:
Համիյէ եզրակացուց, որ ճիշդ ձեւով տնօրինելու պարագային, Լիբանանի պետական կառոյցները կը դառնան եկամուտ ապահովող կառոյցներ եւ կառավարութիւնը պէտք չ՛ունենար հարկերը աւելցնելու հիւծած վիճակ ունեցող տնտեսութեան վրայ: