Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի 2020-ին հրապարակած հատորը ուշագրաւ նորութիւններ կը պարունակէ Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան համար. գիրքը նորայայտ փաստերով եւ տուեալներով նոր ծալքեր կը բանայ Հնչակեան Կուսակցութեան սաղմնաւորման եւ հիմնադրութեան առնչուած: 296 էջանի հատորին խորագիրն է` ՙՀնչակեան Կուսակցութեան Կազմաւորումը եւ Քսան Կախաղաններու Մասին Անդրադարձը Եւրոպական Մամուլի Ու Դիւանագիտական Թղթակցութեանց Մէջ՚:
Ծանօթ է, որ հատորին աստուածաբան հեղինակը, վերջին տարիներուն, համակողմանի հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ պատմագիտական հարցերու շուրջ: Ան կլանուած է նաեւ Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեամբ, որ խորքին մէջ կարիքն ունի խորազնին եւ նորովի ուսումնասիրութեանց` զանազան խնդիրներու եւ տարբեր ժամանակաշրջաններու հետ կապուած:
Հիմնականին մէջ գիրքը կը բաղկանայ երկու մասերէ. առաջին` էջ 11-էն 146 յոյժ էական մանրամասներ կուսակցութեան կազմաւորման շուրջ, անոր հիմնադիրներուն մասին, ՙՀնչակ՚ի հրատարակութեան հանգամանքները եւ այլն: Երկրորդ` էջ 147-էն 280 անդրադարձ Զուիցերիոյ մամուլին, անոր ընկերվարական թերթերուն, հայասէր հրապարակումներուն, Հնչակեան Քսան Կախաղաններու արձագանգին, գերմանական կարգ մը շրջանակներու (յատկապէս ընկերվարական եւ հոգեւոր) հայոց տառապանքներուն նկատմամբ ցուցաբերած կարեկցութեան եւ զօրակցութեան, գերմանացի դիւանագէտներու թղթակցութեանց` Քսան Կախաղաններու վերաբերեալ եւ այլն: Երկու մասերն ալ կ’աւարտին հեղինակին կողմէ մտորում-եզրակացութիւններով` ՙՀուսկ Բանք՚ վերնագիրով:
Ակնյայտ է, որ հեղինակը ջանք չէ խնայած իր ուսումնասիրութիւնը կատարելու ամենայն բծախնդրութեամբ եւ բարեխղճութեամբ եւ առ այդ` աղբիւրագիտական լայն գրականութեան օգտագործումով իր աշխատասիրութիւնը դարձուցած է փաստաշատ, գիտական ու համոզիչ: Ան իր պրպտումներով փորփրած է Ժընեւի պետական արխիւը, Հայաստանի ազգային արխիւը, թերթատած է մեծ թիւով մամուլ` օրաթերթ, ամսագիր, պաշտօնաթերթ, գիտական հանդէսներ զանազան վայրեր լոյս տեսած եւ տարբեր լեզուներով` հայերէն, գերմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն. նաեւ` համացանցային աղբիւրներ, պատմագիտական մենագրութիւններ, յուշագրութիւններ` հին ու նոր եւ քանի մը լեզուներով: Հետեւաբար, անտարակոյս, իր մշակած նիւթերուն մօտեցած է ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:
Հեղինակը, ըլլալով ժընեւաբնակ, հնարաւորութիւն ունեցած է անձամբ հետամուտ ըլլալու թէ ո՛ւր բնակած են Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիր դէմքերը, արխիւէն բացայայտած անոնց հասցէները, թէ ռուս եւ այլազգի Ժընեւի մէջ ուսանող յեղափոխական տարրերը ո՛ր սրճարանն են հաւաքուած եւ գաղափարախօսական նիւթեր արծարծած, որոնց շարքին ռուսահայ յեղափոխականներ` հետագային հնչակեաններ: Հասցէ առ հասցէ մենք յստակ պատկերացում կ’ունենանք անոնց ապրած միջավայրին, դիրքին ու պայմաններուն մասին (նաեւ լուսանկարներով): Գիրքին Յառաջաբանին մէջ մենք կ’իմանանք, թէ ի՛նչ դրդապատճառներէ մղուած Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան սկսած է պրպտել այս մշուշոտ նիւթը եւ լուսաբանած բազմաթիւ կնճիռներ: Ան կ’անդրադառնայ յեղափոխութեամբ, ազգային ազատագրական պայքարով եւ ընկերվարական շարժումներով տոգորուած հնչակեան հիմնադիրներուն` Աւետիս եւ Մարօ Նազարբէկեաններ, Ռուբէն Խանազատ, Գաբրիէլ Կաֆեան, Գէորգ Ղարաջեան եւ Քրիստափոր Օհանեան: Ապա անոնց կապը Մարսէյլ հաստատուած ՙԱրմէնիա՚ի խմբագիր եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Փորթուգալեանի հետ, անոնց միջեւ ստեղծուած տարակարծութիւնները, կապերու խզումը եւ երիտասարդ ուժերու ինքնուրոյն ուղին` հիմնելու յեղափոխական կուսակցութիւն մը, որ աւելի ուշ պիտի ըլլար Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը: Հետաքրքրական են այն տուեալները թէ ինչպէ՛ս սկսաւ ՙՀնչակ՚ի հրատարակումը, ուրկէ՛ եւ ինչպէ՛ս ստացան հայերէն տառերը, ովքե՛ր շարեցին եւ նպաստեցին օրկանին հրատարակութեան, որուն անունով ալ կուսակցութիւնը կոչուեցաւ Հնչակեան. նաեւ` որո՛նք մշակեցին կուսակցութեան ծրագիրը, ի՛նչ գործօններէ ազդուած էին անոնք: Յիշարժան է որ առաջին մէկուկէս տարին թերթը շարած է վրացի համեստ երիտասարդ մը` Եւգենի Վացաձէն, որ օրինակելի նուիրումով կատարած է իր պարտականութիւնը:
Բայց… այս բաժինը ունի երկու ցնցող փաստարկումներ. առաջին` ըստ հեղինակին մանրակրկիտ հետազօտութեանց, համեմատութիւններու, նամակներէ եւ յուշերէ քաղած տեղեկութեանց, հնչակեանները կազմաւորուած են 1886-ին` ՙյեղափոխական ընկերութիւն՚ անունով: Ուրեմն` ցայսօր որդեգրուած եւ ընդունուած 1887 թուականը կը ջրէ ան: Փաստօրէն կը փարատէ մշուշոտ եւ պղտոր խնդիր մը: Ան կը գրէ` ՙԱպագայ Հնչակեան Կուսակցութիւնը 1886 թուականին արդէն կազմաւորուած քաղաքական խմբաւորում մըն էր` ՙյեղափոխական ընկերութիւն՚ անունով: Այս մասին կը վկայեն մասնաւորաբար Ռուբէն Խան-Ազատի հաղորդած հաւաստի տեղեկութիւնները իր ՙՀայ Յեղափոխականի Յուշերից՚ յօդուածաշարքին մէջ՚ (էջ 110):
Երկրորդ` ցարդ ընդունուած է այն տեսակէտը, թէ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրները եօթ ռուսահայ ուսանողներ են եւ տարածուած է այդ խմբանկարը` միասնաբար լուսանկարուած Ժընեւի մէջ: Դոկտ. Աբէլ կը ջրէ այս կարծրատիպը եւս` փաստելով եւ հաստատելով, որ վեցն են անոնք` հրապարակելով վեցին խմբանկարը, մինչ` եօթերորդ անձը լոկ բարեկամաբար կամ պատահաբար գտնուած է հոն լուսանկարուելու համար եւ եղած է ռուսազգի ուսանող մը: Ահա ուշագրաւ եւ նկատարժան նորութիւն մը: Ան բազմաթիւ վկայութիւններով կը հաստատէ այս իրողութիւնը: Իր եզրակացութիւններէն` ՙԺընեւի ՙյեղափոխական ընկերութեան՚ վեց հիմնադիր անդամները իրենց քաղաքական-յեղափոխական ծրագիրը պատրաստելու աշխատանքին ձեռնարկած են 1886 թուականի վերջին քառորդին՚. ՙԱնոր հիմնադիր անդամները եղած են ռուսահայ միայն վեց ուսանողներ՚. ծրագիրը վաւերացուած է 1887 թուականի առաջին քառորդին եւ ՙՆոյեմբեր 1887-ին հրատարկելով ՙՀնչակ՚-ը` ՙՀնչակի խումբ՚-ը, ապա ՙՀնչակեան խումբ՚-ը, իսկ աւելի ուշ` ՙՀնչակեան Կուսակցութիւն՚-ը, սկսած է ծաւալել իր հանրային գործունէութիւնը՚ (էջ 113):
Այս բաժինին մէջ կան նաեւ հետաքրքրական մանրամասներ հնչակեան առաջին գործիչներուն, Կաֆեանի, Ղարաջեանի եւ Խան-Ազատի մասին տուեալներ եւ յատկապէս Հայաստանի ազգային արխիւէն քաղուած Մարօ Նազարբէկեանի ռուսերէնով յուշերէն մաս մը (գրուած Թիֆլիս` 1918-ին) (էջ 114-136) եւ Խանազատի մէկ կարեւոր յօդուածէն (գրուած 1916-ին` Մոսկուա) (էջ 136-145) թարգմանութիւններ` Գոհար Մկրտչեանի կողմէ թարգմանուած:
Երկրորդ մասը կը սկսի Զուիցերիոյ մէջ մամուլի ազատութենէն, առատութենէն եւ հայանպաստ լրագրութենէն` երբ տեղի կ’ունենային Համիտեան կոտորածները` 1894-1896 թուականներուն: Թէ ինչպիսի՛ բարեգթութեամբ եւ մարդասիրական առաքելութեամբ զուիցերիացի ժողովուրդը հասած է հայոց օգնութեան` մինչեւ իսկ հայանպաստ առաքելութիւն ծաւալելով Կիլիկիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ` որբահաւաքներով, կրթական գործունէութեամբ, ստորահաւաքներով եւ հանգանակութիւններով: Զուիցերիոյ ընկերվարական մամուլը սկիզբը դրական կեցուածք ունի Երիտթուրքերու հանդէպ, այն պատրանքով, որ անոնք յառաջադէմ են` Սուլթան Համիտը տապալել ձգտող: 1908-ի յեղաշրջումը յոյսեր կը ներշնչէ ընկերվարականներուն: Սակայն, 1909-ի Ատանայի ջարդը, բացայայտօրէն Երիտթուրքերու մասնակցութեամբ, շառաչուն ապտակ կ’ըլլայ լաւատեսներուն: Հեղինակը կ’անդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն զուիցերական մամուլի արձագանգներուն: Ան ուշադրութեան կը հրաւիրէ ՙՖոլքսրեխթ՚, ՙԼա Սանթինէլ՚, ՙԺուրնալ Տը Ժընեւ՚ թերթերուն, որոնք լայնօրէն կ’արձանագրէին Հայոց ցեղասպանութեան փաստն ու մանրամասները: Ապա, բաւականին հանգամանալից կը ներկայացնէ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու նահատակումը, Կոստանցայի 1913-ի եօթերորդ համագումարին որոշումները, մանաւանդ Ս. Սապահ-Գիւլեանի եւ Փարամազի խիզախ քայլերը եւ ի հարկէ… անոնց մատնութեան պարագաները: Հետաքրքրական է մատնիչ գործակալ Արթուր Եասեանի մասին տեղեկութիւնները, զրպարտութիւնները, սուտ վկայութիւնները եւ անոր սպանութեան պարագան: Զուիցերական ընկերվարական մամուլը կ’անդրադառնայ Քսաններուն եւ ահա ՙՊեռներ Թակվախթ՚ եւ ՙՖոլքսրեխթ՚ թերթերուն մէջ կ’երեւայ խիստ յատկանշական յօդուած մը, որուն հետքերով կ’ընթանայ հատորին հեղինակը` բացայայտելու յօդուածագիրին ինքնութիւնը: Գիրքի հեղինակին ցնցած է յօդուածին խորագիրը` ՙԹարմ Հողակոյտերուն Առջեւ՚: Ուրեմն, յօդուածագիրն է Արշակ Զուրաբով (Զուրաբեան կամ Զօհրապեան), անուանի ընկերվարական գործիչ, Ռուսաստանի Դումայի անդամ, խմբագիր, գաղափարախօս, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին ստանձնած դիւանագիտական առաքելութիւն դէպի Գերմանիա. ծնած է 1873-ին` Թիֆլիս եւ մահացած 1920-ին` Երեւան` տիֆ հիւանդութենէ: Ինչո՞ւ գրած է այս զգայացունց յօդուածը, որովհետեւ եղած է Քսաններէն Վանիկի (Գեղամ Վանիկեան) ծանօթը եւ թղթակցած անոր հետ, գրած է Կ. Պոլիս լոյս տեսած հնչակեան ՙԿայծ՚ տեսական թերթին մէջ: Անոր շահեկան յօդուածը թարգմանաբար տրուած է ամբողջութեամբ: Նոյն նիւթին շուրջ անդրադարձ կայ նաեւ իտալական մամուլին մէջ:
Ապա, հեղինակը կը նշէ գերմանացիներու արձագանգը` յիշեցնելով, որ Գերմանիա ըլլալով Օսմանեան Կայսրութեան զինակից-դաշնակիցը, խիստ գրաքննութեան կ’ենթարկէր հակաթրքական որեւէ ակնարկ կամ յօդուած: Հակառակ այս իրողութեան, եղած են հոգեւոր թէ ընկերվարական դէմքեր, որոնք խստիւ քննադատած են Գերմանիոյ ընթացքը` քանզի ցեղասպան թուրքերու հովանաւորն էր ան եւ քաջալերողը հայոց տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան: Տեղին է յիշել մի քանի անուններ` Էտուարդ Պեռնշթայն, Եոհաննէս Լեփսիւս, Մարթին Ռատէ, Էվալտ Շթիր, որոնք իրենց հնարաւորութեան չափով փորձած են քանդել լռութեան պատը:
Այնուհետեւ, հեղինակը կը ներկայացնէ թուրք-գերմանական ռազմական գործակցութիւնը, Կ. Պոլսոյ Գերմանիոյ դեսպան Վանկենհայմի խարդաւանքները եւ յղած թղթակցութիւնները Գերմանիոյ վարչապետ Թէոպալտ Հոլվեկին, ուր համապարփակ կերպով կու տայ տուեալներ Հնչակեան Քսան Կախաղաններէն իւրաքանչիւր յեղափոխականի մասին` ծննդավայր, հայր կամ արհեստ, ամբաստանութիւն կան մեղադրանք: Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակուող ֆրանսատառ ՙԼլոյտ Օթթոման՚ թերթն ալ կը գրէ այս մասին: Ապա` Իթթիլաֆ-Հնչակեան գործակցութեան` ընդդէմ Իթթիհատին, բաւականին տեղեկութիւններ օրուան մեծագոյն քաղաքական գործիչներէն` Ստեփան Սապահ-Գիւլեանի հակա-իթթիհատ գործունէութեան մասին` զայն իրաւացիօրէն գնահատելով որպէս հեռատես, խորաթափանց եւ խիզախ հնչակեան ղեկավար: Հետաքրքրական է Վանկենհայմի շահագրգռութիւնն ու ուշադրութիւնը Քսաններու ճակատագիրին հետ կապուած:
Սոյն յոյժ կարեւոր աշխատութեան հեղինակը, երկրորդ Հուսկ Բանքին մէջ կը գրէ` ՙՀայ ժողովուրդի տարեկան տօնացոյցին մէջ Յունիս 15-ը իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ: Ան յատկացուած է յարգելու մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ ամրագրուած եւ սրտի խորանին վրայ ճենճերող յիշատակը Քսաններու յարուցեալ կերպարին ընդմէջէն հայ ազգի ազատագրութեան, պայքարի եւ յեղափոխութեան դրօշին տակ ինկած բոլոր հերոսներուն՚ (էջ 280):
Գիրքը ճոխացած է լուսանկարներով: Լոյս տեսած է բարերարութեամբ տէր եւ տիկ. Վազգէն եւ Հայկօ Գալթաքճեաններու` ի յիշատակ Տիկ. Մարի Գալթաքճեանի եւ տիար Պօղոս Մութաֆեանի: Հեղինակը շնորհակալութիւններ յայտնած է անոնց` որոնք օժանդակած եւ քաջալերած են անոր հրապարակման` ինչպէս ոկտ. Համօ Սուքիասեանին, Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին եւ Եփրեմ Թոքճեանին: Գիրքը ունի յատուկ անուններու եւ տեղանուններու ցանկ: Տպագրուած է Սիփան հրատարակչատունէն եւ հրապարակուածª Երեւան: Գիրքի առաջին կողքը կը ներկայացնէ Ժընեւի քանթոնին զինանշանը: Գիրքի աւարտին կայ հեղինակին համառօտ կենսագրականը:
Անկասկած, հատորը գիտական ներդրում մըն է Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան առաւել լուսաբանման համար: Ան կը մնայ անհրաժեշտ եւ շահեկան աղբիւր պատմագիտութեամբ հետաքրքրուողներուն համար:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ