Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ամենահետաքրքրական մրցումին, առաջատար ՙԱլաշկերտ՚ը իր դաշտին վրայ մրցեցաւ 4-րդ դիրքը գրաւող ՙԱրարատ-Արմենիա՚ի դէմ ու մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Մրցումի 34-րդ վայրկեանին, պրազիլցի պաշտպան Ալեմայօ նշանակեց ՙԱրարատ-Արմենիա՚ի կոլը: Իսկ 52-րդ վայրկեանին, փոխարինող գոլոմպիացի յարձակող Տիազ նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Իսկ 2-րդ դիրքը գրաւող ՙՈւրարտու՚ն իր դաշտէն դուրս յաղթանակ տարաւ 10-րդ դիրքը գրաւող Արմավիրի ՙՆոա՚ի նկատմամբ: Ռուս կիսապաշտպան Փոլիաքով` 32-րդ, ռուս յարձակող Սապուա` 44-րդ, ռուս յարձակող Մայրովիչ` 70-րդ, ուքրանացի յարձակող Խլիոպաս` 76-րդ, 77-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն նշանակեցին ՙՈւրարտու՚ի կոլերը: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքները.
– Ալաշկերտ – Արարատ-Արմենիա 1-1
– Լեռնային Արցախ Գորիս – ԲԿՄԱ Վաղարշ. 1-1
– Շիրակ Կիւմրի – Արարատ 0-0
– Նոա Արմավիր – Ուրարտու 0-6