Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ եւ արժանապատիւ Տէր Բենիամին քահանայ Ծատուրեանի ձեռամբ, 18 Օգոստոսին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է:
Արցախի թեմի առաջնորդը նշած է, որ Տիրոջը ուղղուած պատարագին միջոցով հոգիի փրկութեան, Տիրոջ փառաբանութեան եւ մարդու` դէպի Աստուած գացող երեւոյթը կը հաստատուի:
Իր խօսքին մէջ Սրբազանը կարեւորած է Աստուծոյ պարգեւածը բազմացնելն ու եկող սերունդին փոխանցելը, որ անհրաժեշտ է իրականացնել ունեցածի նկատմամբ պարտաճանաչ ու բարի վերաբերմունքով: