Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ գրեթէ ամէնօրեայ յայտարարութիւններով կը շարունակէ սպառնալ Արցախին ու Հայաստանին: ՙՈ՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ որեւէ յատուկ արտօնութիւններ պիտի ունենան, ինչպէս Ատրպէյճանի քաղաքացիները, այնպէս ալ անոնք՚, ըսաւ ան վերջերս` բացայայտելով իր իսկական նպատակները, որ է` Լեռնային Ղարաբաղն ու անոր բնակչութիւնը վերացնել Ատրպէյճանի քարտէզէն:
Արձագանգելով Ալիեւի այս խօսքերուն, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Բաբայեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի նախագահին` իր անկեղծութեան համար, որ անակնկալ չէր, սակայն վերահաստատելով, որ Արցախի համար Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է:
Ալիեւի խօսքերուն այս անգամ չարձագանգեց պաշտօնական Երեւանը, ամբողջութեամբ անտեսելով զանոնք: Ծանօթ մեկնաբան Յակոբ Պատալեանի կարծիքով` Երեւանը կը փորձէ ստեղծել իրավիճակ մը, որ Պաքուն ստիպուած ըլլայ հաղորդակցիլ արցախեան կողմին Հետ: ՙԵրեւանը որոշակիօրէն ետ քաշուած կը պահէ ինքնիրեն, մէկ կողմէ ռուսական կողմին պատասխանատուութիւնը բարձրացնելու, միւս կողմէ` Արցախի անջատ միաւորի որոշակի տարածութիւն բանալու համար՚:
Ալիեւ առանձին չէ իր այս հակահայ արշաւին մէջ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշողլուն կը յայտարարէ, որ Հայաստան չի կատարեր իր խոստումները եւ կը շարունակէ խօսիլ ՙԶանգեզուրի միջանցքի՚ մասին, իսկ նախագահ Էրտողան առանց վարանելու վերջերս կը յոխորտար, որ Ատրպէյճան յաղթեց պատերազմը` շնորհիւ Թուրքիոյ օգնութեան:
Միւս կողմէ, վարչապետ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Ռայիսիի միջեւ կայացած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին, անդրադառնալով վերջին օրերուն Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող լարուած միջադէպերուն, Ռայիսի յիշատակած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Խամինէիի` վերջերս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ հանդիպման ժամանակ կատարուած յայտարարութիւնը առ այն, որ Իրանը զգայուն է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իր սահմաններու հարցով եւ պիտի հակազդէ զանոնք փոխելու որեւէ փորձի: Այս խօսքերը ուղղուած են հաւասարապէս Անգարային եւ Պաքուին, քանի որ ՙԶանգեզուրի միջանցքը՚, այդ երկու երկիրներուն պատկերացուցած ձեւով, կը նշանակէ Իրանի անջատումը Հայաստանէն:
Պաքու այժմ սկսած է յառաջ մղել Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինաթափումի հարցը եւ վերջին միջադէպերը կը ձգտին այդ հարցը դնել օրակարգի վրայ: Ստեփանակերտի մէջ այդ մասին խօսակցութիւնները կը նկատեն անհեթեթութիւն, որուն, ոչ մէկ պարագայի տակ կարելի է համաձայնիլ, զայն նկատելով կարմիր գիծ:
Շարունակաբար անտեսելով Ալիեւի սպառնական ելոյթները, Երեւան ընտրած պիտի ըլլայ լաւագոյն տարբերակը: Պաքու ջիղերու պատերազմ է որ կը մղէ հայութեան հետ խորհելով որ պատերազմէն յաղթական դուրս գալով այդ իրաւունքը ունի եւ պէտք է օգտագործէ զայն` իր նպատակներուն հասնելու համար:
Խաղաղութեան պայմանագիրը, ինչպէս նաեւ սահմանագծման ու սահմանազատման հարցերը տակաւին կը մնան թուղթի վրայ եւ առայժմ դժուար իրագործելի:
Ժամանակըկը շարժի ի նպաստ հայութեան, որուն ընթացքին առաջին հերթին կը վերակառուցուի բանակը, որ կը մնայ մեր միակ երաշխիքը` ատրպէյճանա-թրքական շարունակուող արշաւը ու անոնց հակահայ ախորժակները զսպելու համար:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
ՙՄԱՍԻՍ՚