Իսրայէլեան ՙՃերուզալէմ Փոսթ՚ օրաթերթը հաղորդեց, որ Կիպրոս սկսած է գնել իսրայէլեան արտադրութիւն եղող հակաօդային պաշտպանութեան ՙԵրկաթեայ գմփէթ՚ համակարգը: Այս համակարգը ամերիկեան-իսրայէլեան զէնք է եւ երկու կողմերը պէտք է յօժարին անոր վաճառքին` նախքան զայն երրորդ կողմի մը վաճառելը: Կիպրոս այս զէնքը պիտի օգտագործէ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու դէմ, որ Թուրքիան կ’օգտագործէ Կիպրոսի դէմ, հիւսիսային Կիպրոսի գրաւեալ շրջանէն գալով: