Շաբաթ երեկոյեան իր ինքնաշարժի պայթումին հետեւանքով զոհուեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ամենամօտիկ անձերէն, մտաւորական Ալեքսանտր Տուկինի դուստրը` Տարիա Տուկինան:
Ան լրագող ու քաղաքական վերլուծող է: Տարիա կը գտնուէր իր հօր հետ Մոսկուայէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Փոլշէ Վիազիոմի գիւղին մէջ: Ըստ քննիչներուն, պայթումին պատճառը պայթուցիկ նիւթ մըն է, որ դրուած է ինքնաշարժին վրայ: Ալեքսանտր Տուկինն էր իսկական թիրախը ահաբեկչութեան, որովհետեւ դուստրը փոխ առած էր հօրը ինքնաշարժը: