Թայուանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ չինական 17 օդանաւեր եւ 6 ռազմանաւեր խախտած են երկրի օդային ու ծովային սահմանները: Երէկ չինական 51 օդանաւեր եւ 6 ռազմանաւեր կը գտնուէին Թայուանի մօտ գտնուող շրջանի մը մէջ: Թայուան օդանաւեր ուղարկեց` խախտումի շրջանը մօտէն հետեւելու համար անոր եւ աշխատցուց հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները: