Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁ ՅՂԱԾ Է ՙՍՈՒՐՄԱԼՈՒ՚-Ի ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԶՈՀՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ

August 19, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁ ՅՂԱԾ Է ՙՍՈՒՐՄԱԼՈՒ՚-Ի ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԶՈՀՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ 20 Օգոստոս 2022 թուականին պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ Երեւանի ՙՍուրմալու՚ առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգիստին համար:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը ցաւակցական ուղերձ յղած է, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

ՙԵրուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան եւ Սուրբ Երկրի հայ համայնքին անունով ցաւակցութիւններ կը յայտնենք ՙՍուրմալու՚ առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով զոհուած մեր հայրենակիցներու հարազատներուն եւ կը հայցենք անոնց համար Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ կ՛աղօթենք վիրաւորներու շուտափոյթ առողջութեան եւ ամբողջական ապաքինման համար:

Այսպիսի աղէտներու հետեւանքները յաղթահարելու համար պէտք է ազգային միասնականութիւն ցուցաբերել եւ կեդրոնացնել մեր ամբողջ ներուժը` խուսափելու ապագայի այսօրինակ պատահարներէ:

Թող Երկնաւոր Հայրը իր երկնքի արքայութեան արժանացնէ անոնց հոգիները՚:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԷ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՙՍՈՒՐՄԱԼՈՒ՚-Ի ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ 16 ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 757 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԷ 15 ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՄԷՋ 15 ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Next Post
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 757 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԷ 15 ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՄԷՋ 15 ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 757 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԷ 15 ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՄԷՋ 15 ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.