Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱԱԾ-Ն ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴՐԱԾ Է ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾ

August 19, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱԱԾ-Ն ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴՐԱԾ Է ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է նախագիծ մը, որով կ՛առաջարկուի անցակէտեր ստեղծել հայ-ատրպէյճանական սահմանի որոշ հատուածներուն մէջ:

ՀՀ կառավարութեան 2011 թուականի N 703-Ն որոշման լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը հրապարակուած է իրաւական ակտերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին` e-draft.am-ի մէջ:

Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է 4 Օգոստոսին կառավարութեան նիստի ընթացքին վարչապետին կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ապահովման անհրաժեշտութեամբ: Ակնկալուող արդիւնքը Հայաստանի մէջ պետական սահմանի նոր անցման կէտերու ստեղծումն է` պետական սահմանով անձերու, ապրանքներու եւ փոխադրութեան միջոցներու անցումը կազմակերպելու եւ իրականացնելու նպատակով: Նոր անցակէտերը կը նախատեսուին ստեղծել Գեղարքունիքի (Սոթք համայնքէն դէպի ՀՀ պետական սահման M11 մայրուղի), Արարատի (Երասխ համայնք), Սիւնիքի (Քարահունջ համայնքէն մօտ 7,5 քմ հարաւ, հարաւ-արեւելք Մ2 մայրուղի) մարզերուն մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ:

Նախագիծը մշակուած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ: Նախագիծին ընդունմամբ անհրաժեշտութիւն պիտի յառաջանայ ներգրաւելու լրացուցիչ ֆինանսական միջոցներ նոր անցման կէտերու շինարարական եւ կահաւորման աշխատանքներու իրականացման համար:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՆԶԳՈՒՇՈՒԹԻՒՆՆ Է ՊԱՏՃԱՌԸ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԷ ԴԵՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՙՍՈՒՐՄԱԼՈՒ՚-Ի ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ 16 ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.