Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՄԵՆՔ ԻՐԱՐ Կ՛ՕգնԵՆՔ, ԵՒ ԱՅԴՊԷՍ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՄԻՇՏ՚.

ԻՆՉՊԷՍ ՌՈՒՍ ԵՒ ՊԵԼՃԻՔԱՑԻ ԾՆՆԴԱԲԱՆՆԵՐԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՆ ՀԱՅ ՓՐԿԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

August 18, 2022
in Default
0
ՙՄԵՆՔ ԻՐԱՐ Կ՛ՕգնԵՆՔ, ԵՒ ԱՅԴՊԷՍ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՄԻՇՏ՚.

Ծննդաբաններ` ազգութեամբ ռուս Օքսանան եւ պելճիքացի Տենիսը 14 Օգոստոսին հանգստեան օր կ՛անցընէին Հայաստանի լեռներէն մէկուն վրայ, երբ իմացան ՙՍուրմալու՚ առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին մասին: Ամուսնական զոյգը անմիջապէս շտապած է օգնութեան հասնելու հայ փրկարարներուն:

Օքսանայի ու Տենիսի հետ կապուած էին իրենց վաղեմի գործընկերները Հայաստանի փրկարար ծառայութենէն, որոնց հետ մասնակցած էին միջազգային վարժանքներու եւ սերտ համագործակցութիւն ունին: Տեղեկութիւն ստանալէ անմիջապէս յետոյ անոնք կ՛ուղեւորուին Երեւան, կը հանդերձաւորուին եւ ծննդաբանական շուներու` Շիւայի եւ Շաքթիի հետ կը ժամանեն ՙՍուրմալու՚ առեւտուրի կեդրոն:

ՙԱյդ ժամանակ Երեւանէն դուրս լեռներէն մէկուն վրայ կը զբօսնէինք, կը հանգստանայինք, բայց պայթումին մասին տեղեկութիւն ստանալէ անմիջապէս յետոյ վերադարձանք Երեւան: Մենք աղջիկ ունինք, չէինք գիտեր զայն որուն մօտ թողել, ինչ որ յաւելեալ խնդիրներ յառաջացուց, այդ իսկ պատճառով դէպքի վայր ժամանեցինք քիչ մը ուշ` 6 ժամ անց, բայց նոյնիսկ եթէ շուտ հասնէինք, ծննդաբանական ծառայութիւն հնարաւոր չէր ըլլար իրականացնել, որովհետեւ տակաւին կը շարունակուէին պայթումները, հրդեհը: Սկիզբը անհրաժեշտ է հաստատել նուազագոյն անվտանգ պայմաններ փրկարար ծառայութեան աշխատակիցներուն եւ շուներուն համար, որմէ յետոյ սկսիլ աշխատանքը: Բայց նոյնիսկ այդ բարդ պայմաններուն մէջ Հայաստանի փրկարար ծառայութեան աշխատակիցները գերազանց աշխատեցան եւ կրցան սկիզբէն փրկել մարդիկը՚, պատմած է Օքսանան:

Օքսանան եւ Տենիսը գերմանական ՙ@fire International Disaster Response Germany՚ կազմակերպութեան անդամներ են: Շուներուն վարժեցուցած են կազմակերպութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ: Աւելի քան 400 անդամ ունեցող կազմակերպութիւնը օգնութիւն կը ցուցաբերէ աղէտներու ժամանակ աշխարհի որեւէ տեղ:

ՙՄեր կազմակերպութիւնը օգնութեան կը հասնի անտառային հրդեհներու, պայթումներու, երկրաշարժներու ժամանակ: Ներկայիս մեր կազմակերպութեան անդամներուն մէկ մասը Գերմանիոյ մէջ կը պայքարի անտառային հրդեհներու դէմ: Մեր կազմակերպութիւնը օգնութիւն ցուցաբերած է 2020 թուականի Օգոստոսին Լիբանանի մէջ ուժգին պայթումին ժամանակ՚, ըսաւ Օքսանան:

Օքսանան կը նշէ, որ հայ փրկարարները շատ լաւ աշխատած են նման բարդ եւ քաոսային պայմաններու մէջ ու կրցած են կատարել իրենց խնդիրը:

ՙԳիտէք, որքան ժամանակը կ՛անցնի, այդքան կը նուազի փլատակներուն մէջ մարդոց ողջ մնալու հաւանականութիւնը, մանաւանդ հրդեհի ու ծուխի առկայութեան պարագային: Շատ դժուար պայմաններ էին: Գիտեմ, որ հասարակութեան մօտ հարցեր յառաջացած էին, թէ ինչու որոնողափրկարարական աշխատանքները արագ չեն ընթանար: Կրնամ ըսել հետեւեալը, որ աշխատանքները արագ չեն կրնար ընթանալ, այդ որոշակի ժամանակ կը պահանջէ: Շատ դժուար պայմաններ էին, եւ փրկարար ծառայողները գերազանց կատարեցին իրենց աշխատանքը: Սա մեր  առաջին համագործակցութիւնը չէր Հայաստանի փրկարար ծառայութեան հետ, եւ մեր միասնական աշխատանքը հրաշալի էր՚, ըսաւ Օքսանան:

Օքսանան եւ Տենիսը գրեթէ մէկ տարի է կ՛ապրին Հայաստանի մէջ: Անոնց խօսքով` Հայաստանի մէջ մարդիկ բարի են:

ՙԱշխարհը շատ փոքր է: Հայաստանի փրկարարներուն հետ ես ծանօթացած եմ միջազգային վարժանքներու ժամանակ, եւ այնտեղէն մենք իրար կը ճաչնանք: Մենք իրար կ՛օգնենք, այդպէս եղած է եւ, կը կարծեմ, այդպէս պիտի ըլլայ՚, եզրափակեց Օքսանան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՇԱՐԼ ՄԻՇԷԼԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

ՀԱՅ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՙԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՐՈՄԱՆԵԱՆԸ՚

Next Post
ՀԱՅ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՙԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՐՈՄԱՆԵԱՆԸ՚

ՀԱՅ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՙԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՐՈՄԱՆԵԱՆԸ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

ԳԻՏԱԿԱՆ

March 18, 2023
ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

March 18, 2023
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

March 18, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

March 18, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.