Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

August 17, 2022
in Գաղութային
0
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին£ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան:

Յընթացս Ս. Պատարագին, մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, օրհնուեցաւ խաղող, որմէ ետք պատարագիչ սրբազանը փոխանցեց օրուան պատգամը: Բնաբան ընտրելով ՙԻմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է, փակեալ աղբիւր եւ կնքուած աղբերակ մըն է՚ (Երգ 4.12) աստուածաշնչական հատուածը, սրբազանը ըսաւ, որ յաճախ մեր հաւատքի պայքարը մղած ատեն, երբ ծանր նեղութիւններ կը կրենք եւ զանազան ալեկոծումներու կը հանդիպինք, մենք մեզ խոպան, ամուլ եւ անպտուղ ըլլալ կը կարծենք, բայց Տէրը ճիշդ հակառակը կը տեսնէ եւ կը յիշեցնէ մեզի մեր ներսիդին թաքնուած մեր կարողութիւնները, որոնք մեր մէջ բնակող Ս. Հոգիի շնորհներն են: Անոնք կը յայտնուին միայն այն ատեն, երբ տառապանքները համբերութեամբ կ’ընդունինք եւ հաւատքի յօժարութեամբ խաչը կ’առնենք ու Տիրոջ կը հետեւինք:

Սրբազան հայրը ապա մանրամասնեց ՙփակուած պարտէզ եւ կնքուած աղբիւր՚ եզրը: Ան ըսաւ, որ այո՛, մենք փակուած պարտէզ ու կնքուած աղբիւր ենք, որովհետեւ Աստուծոյ համար պատրաստուած ենք եւ իրմէ բացի ուրիշ ո՛չ ոքի առջեւ իրաւունք ունինք բացուելու, որովհետեւ Ի՛նք է մեր հոգիի միակ Փեսան, որուն իրաւունքն է մտնել մեր սրտի պարտէզը եւ ըմպել անոր սիրոյ աղբիւրէն:

Եզրափակելով իր խօսքը, քարոզիչ սրբազանը հաւատացեալները հրաւիրեց Աստուածամօր օրինակով փակուած պարտէզ եւ կնքուած աղբիւր ըլլալու, մեր մէջ կրելով Աւետարանական գետերը, սրբութեան ծառերը, բարեգործութեան պտուղները եւ կեանքի ծառը, որմէ ամէնօրեայ դրութեամբ կը սնուինք, կը յագենանք, կը նորոգուինք ու կերպարանափոխուած մտածելակերպով ու ապրելակերպով կ’ապրինք, կը գործենք ու կը վկայենք:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր տաղաւար տօնի յաջորդող օրը Մեռելոցի յիշատակութեան օր է: Արդարեւ, Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ, նախագահութեամբ Նորին Ս. Օծութեան, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն համար:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՁԵԶԻ ՀԵՏ Կ’ԱՊՐԻՄ

Next Post

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Next Post
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.