Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՁԵԶԻ ՀԵՏ Կ’ԱՊՐԻՄ

August 17, 2022
in Յօդուածներ
0
ՁԵԶԻ ՀԵՏ Կ’ԱՊՐԻՄ

Սիրելի հայաստանաբնակ հայորդիներ,

Ապրած եմ Լիբանանի պատերազմին արհաւիրքը: Ապրած եմ ՙմահուան շուքի ձորի մէջէն՚ անցնելու փորձառութիւնը` Տեսած եմ հարազատներու եւ բարեկամներու մահը եւ ռումբերու եւ պայթումներու պատճառած քանդումները եւ անոնց հոգեկան ու հոգեբանական հետքը` վախը եւ ցաւը, բոլորիս ներաշխարհին վրայ:

Մեր հայրենիքը կ’ապրի շատ մը մարտահրաւէրներ եւ անոնց վրայ եկաւ աւելնալու ՙՍուրմալու՚ի ահաւոր պայթումը` Ունինք զոհեր, վիրաւորներ եւ փլատակներու տակ կորսուած հայորդիներ£ Կ’ապրիք պայթումին ահը ու սարսափը: Կը հասկնամ ձեր ցաւը եւ վախը, որովհետեւ անձնապէս ապրած եմ այդ բոլորը:

Ձեզի հետ կ’ուզեմ բաժնեկցիլ Աստուածաշունչէն Պօղոս Առաքեալի նամակներէն հետեւեալ համարը, որ ինծի համար եղաւ մղիչ ուժ` տոկալու պատերազմի դժուար պայմաններուն. ՙՎասնզի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան՚ (Բ. Թուղթ Առ Տիմոթէոս 1.7):

Քրիստոսի Հոգին մեզի կու տայ զօրութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթել ցաւին եւ մահուան: Ինչպէս Ինք յաղթեց խաչին վրայ:

Քրիստոսի Հոգին մեզի; կու տայ սէր, որպէսզի կարենանք շինել Նորը Ինչպէս Ինք շինեց Նորը Իր յարութեամբ:

Քրիստոսի Հոգին մեզի կու տայ զգաստութիւն, որպէսզի կարենանք որոշել թէ ինչ պիտի ընենք: Ինչպէս Ինք որոշեց եւ ըրաւ, երբ աշխարհ եկաւ, որպէսզի մեզի Կեանք շնորհէ:

Թող որ Քրիստոսի այս Հոգին մեզ գօտեպնդէ այսօր, որպէսզի կարենանք մեր երկչոտութիւնը, իմա` ցաւերը, վերածել Հաւատքի: Այն Հաւատքը, որ մեզ պիտի ապրեցնէ: Եւ այս Հաւատքով կերտենք Յոյսը` նոր կեանքի ու ապագայի տեսլականով:

Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցեմ բոլոր սգաւորներուն: Վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ, եւ կը յուսամ կորսուած հայորդինեուն շուտով գտնուիլը փլատակներուն տակէն:

Կ’ապրիմ ձեզի հետ: Ձեր ցաւը: Բայց նաեւ` ՅՈՅՍԸ:

 

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ընդհանուր Քարտուղար

Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

 

Նիկոսիա, 16 Օգոստոս 2022

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՍՏՈՒԱԾԱՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԵԱՆ ՇՈՂԱՐՁԱԿԸ

Next Post

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Next Post
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.