Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆ

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ 

August 13, 2022
in Տնտեսական
0

Լիբանանի տնտեսական ընդհանուր վիճակը կապ ունի ինչպէս ներքին, նաեւ արտաքին գործօններու հետ: Ներքին գործօնը այն էր, որ 1992 թուականէն ի վեր որդեգրուած տնտեսական քաղաքականութիւնը մեզ հասցուց այս տագնապալի վիճակին: Այս քաղաքականաութիւնը վարողները հիմնուեցան այն փաստին վրայ, թէ Իսրայէլի հետ խաղաղութիւնը մօտ է ու պարտքը կը հատուցանուի, երբ կնքուի խաղաղութեան դաշինք Իսրայէլի հետ: Սակայն ոչ Իսրայէլ գործադրեց իր ստորագրածը, ոչ ալ մնացեալ արաբները` ներառեալ Սուրիա ու Լիբանան, խաղաղութեան համաձայնագիր կնքեցին անոր հետ: Պարտքին չափը մեծ էր ու անկումը տեսանելի: Ան տեղի ունեցաւ 2019 թուականին ու Լիբանան մտաւ տագնապի շրջան մը: Ներկայիս մէկ լուծում տեսանելի է: Գտնուած քարիւղի ու կազի հորերը օգտագործել ու երկիրը դուրս հանել այս անել վիճակէն: Սակայն այնպէս կ’երեւի, թէ Արեւմուտքը կ’ուզէ մինչեւ ծայր երթալ Լիբանանը ողորմելի պետութիւն պահելու հոլովոյթին մէջ: Փաստերը յստակ են: Սուրիացի գաղթականներու հարցը անլոյծ պահելը, արգիլումը որեւէ ընկերութեան որ բնական կազ արտադրէ Լիբանանի հորերէն, նմոյշներ են այդ քաղաքականութենէն: Սակայն հաւաքուած հարցերը սկսած են մօտենալ բռնկումի սահմանին: Իսրայէլի մերժումը կազի դաշտերու վերաբերեալ Լիբանանի պայմաններուն, կ’երեւի ըլլալ այն կծիկը, որ պիտի քակէ թնճուկը: Կը կրկնենք ամերիկացի տնտեսագէտ Ժերալտ Սելենթէի այն խօսքը, թէ երբ ժողովուրդը անօթենայ, ան կորսնցնելիք բան չ՛ունենար ու կ’երթայ ծայրայեղական քայլերու: Այդ օրերը կարծես մօտեցած են Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼ ՄՏԱՀՈԳ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

June 9, 2023
ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

June 9, 2023
ԱՈՒՆ ԱՍԱՏԻ ՄՕՏ

ԱՈՒՆ ԱՍԱՏԻ ՄՕՏ

June 9, 2023
ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

June 9, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.