Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի վերջին մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
– Վան Չարենց. – ԲԿՄԱ Վաղարշապատ 2-2
– Շիրակ Կիւմրի – Ուրարտու 0-2
Այս հանգրուանին, երրորդ դիրքը գրաւող Կիւմրիի ՙՇիրակ՚ը իր դաշտին վրայ մրցեցաւ 4-րդ դիրքը գրաւող ՙՈւրարտու՚ի դէմ եւ զիջեցաւ: Ռուս յարձակող Մայրովիչ` 9-րդ եւ փոխարինող ուքրնացի յարձակող Խլիոպաս` 70-րդ վայրկեաններուն նշանակեցին կոլերը: ՙՈւրարտու՚ի մարզիչն է ռուս մասնագէտ, ՙԱրարատ-Արմենիա՚ի նախկին մարզիչ Տմիթրի Կունքօ: Իսկ Չարենցաւանի ՙՎան՚ը իր դաշտին վրայ հաւասարեցաւ Վաղարշապատի ՙԲԿՄԱ՚ին հետ: Երիտասարդ կիսապաշտպան Դանիէլ Աղբալեան` 19-րդ եւ երիտասարդ յարձակող Ժիրար Շաղոյեան տուգանայինով` րդ վայրկեաններուն նշանակեցին ՙԲԿՄԱ՚ի կոլերը: Սակայն երիտասարդ յարձակող Էտկար Մովսէսեան` 55-րդ եւ տուգանայինով` 81-րդ վայրկեաններուն հաշիւը դարձուց 2-2:
Դասաւորում. 1) Ալաշկերտ 6 կէտ 6-3, 2) Ուրարտու 6 կէտ 3-0, 3) Վան 4 կէտ 3-2, 4) Լեռնային Արցախ 3 կէտ 1-1