Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ 12-25 Օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ ՙՍիմֆոնիկ Երեւան՚ միջազգային երաժշտական փառատօնը:
Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Մշակոյթի աջակցման եւրոպական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող երաժշտական նախագիծը կ՛իրականացուի Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ:
ՙԱռաջին անգամ պիտի կայանայ շատ հետաքրքրական մշակութային միջոցառում, որ պիտի կազմէ երեւանեան մշակութային կեանքին մէկ մասը: Վստահ եմ, որ այն մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնէ թէ՛ Երեւանի բնակիչներուն եւ թէ՛ զբօսաշրջիկներուն մօտ: Կը կարծեմ, որ փառատօնը կրնայ դառնալ ամէնամեայ՚, կը նշէ Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Լեւոն Յովհաննիսեանը: