Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԶՈՒԱՐԹՆՈՑ՚ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԱԾ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ

August 11, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՙԶՈՒԱՐԹՆՈՑ՚ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԱԾ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ

ՙԶուարթնոց՚ օդակայանին մէջ երկրպագուները դիմաւորեցին 44-րդ Համաշխարհային Ողիմպիականին արծաթէ մետալ նուաճած Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց հաւաքականը:

ՙՍա վերջին տարիներու հայկական մարմնամարզի ամենավառ անակնկալն էր՚, ըսաւ ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանը` խօսելով ճատրակի հաւաքականին հետ կապուած ակնկալիքներէն:

Կարէն Գիլոյեանի խօսքով` եթէ տղաները մտնէին հնգեակ, արդէն իսկ շատ լաւ արդիւնք պիտի ըլլար. ՙԲայց տղաները ապացուցեցան, որ խմբակին մէջ կարեւոր չէ վառ աստղի առկայութիւնը: Խմբակը յաջողութեան կը հասնի, երբ օրկանապէս կը զգան իրար: Վերջին փուլը ուղակի ամենագեղեցիկ ու վառ ապացոյցն էր, թէ խմբակը ինչպէս պէտք է խաղայ, երբ տեսան Գաբրիէլ Սարգսեանը առաւելութիւն ունի, բոլորը սկսան հաւասարութեամբ խաղալ` մեզի յաղթանակ պէտք էր՚, ըսաւ Գիլոյեանը:

Ան ընդգծեց, որ չնայած այն փաստին, որ Հայաստանը երեք անգամ Ողիմպիականի ախոյեան խմբակ ունեցած է, երկարատեւ դադարէ յետոյ սա կը համարէ պատմական յաջողութիւն:

Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց խմբակի գլխաւոր մարզիչ Արման Փաշիկեան նշեց, որ խմբակը միանշանակ շատ լաւ մասնակցութիւն ցուցաբերեց: Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ խաղին` Փաշիկեան նշեց, որ, բնականաբար, հոգեբանօրէն լարուածութիւնը փոքր աւելի շատ էր, բայց սկզբնախաղերէն յետոյ, դիրքերը շատ բարենպաստ էին, եւ մրցաշարքի առաջին վայրկեաններու ընթացքին արդէն պարզ էր, որ պիտի յաղթեն:

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի աւագ Գաբրիէլ Սարգսեանը, անդրադառնալով հաւաքականի նախկին աւագ Լեւոն Արոնեանի բացակայութեան, ըսաւ. ՙԱնգամ այս մեր յաղթանակի մէջ մեծ ներդրում ունի Լեւոն Արոնեանը: Ի հարկէ, մեծ կորուստ է մեզի համար, որ Լեւոնը չկայ, բայց անգամ այս մեր յաղթանակի մէջ նա մեծ ներդրում ունի: Բնականաբար, իր բացակայութիւնը կը զգացուի, ու յատկապէս կը զգացուէր մրցաշարքին պատրաստուելու ժամանակ՚:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՆՅԱՅՏ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ

Next Post

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՊՆ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Next Post
ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՊՆ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՊՆ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.