Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒՋԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒՈՂ ՙԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌ՚ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԵՐՈՒ 8ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴԳՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԵՐ ՇՈՒՐՋ 20 ԵՐԿՐԷ

August 11, 2022
in Հայաստան
0
ՈՒՋԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒՈՂ ՙԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌ՚ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԵՐՈՒ 8ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴԳՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԵՐ ՇՈՒՐՋ 20 ԵՐԿՐԷ

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ ՙՖիլմադարան՚ ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնը 21-28 Օգոստոսին ՀՀ Արագածոտնի մարզի Ուջան գիւղին մէջ պիտի իրականացնէ ՙԾիրանի ծառ՚ Ուջանի վաւերագրական ֆիլմերու 8-րդ միջազգային փառատօնը:

Փառատօնի ծրագրին մէջ ընդգրկուած է 30 վաւերագրական ֆիլմ շուրջ 20 երկրէ` Հայաստանէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն, Իտալիայէն, Սերպիայէն, Շուէտէն, Վիեթնամէն, Ֆրանսայէն եւ այլն:

Ցերեկային ցուցադրութիւնները պիտի ըլլան Երեւանի մէջ` Հայաստանի ազգային գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ, իսկ երեկոյեան ժամը 20:00-էն մինչեւ կէսգիշեր` Ուջանի այգիին մէջ` բաց երկնքի ներքոյ: Ամերիկահայ բեմադրիչ (հոլանտաբնակ) եւ ֆիլմի տեսաբան Թինա Պասթաճեանը Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ հանդէս պիտի գայ ՙWalking through the Interactive Documentary: Speculative Interfaces and Thresholds՚ դասախօսութեամբ:

Բոլոր ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին հայերէն ենթագրերով: Փառատօնի շրջանակին մէջ պիտի գործէ նաեւ Ուջանի ֆիլմի դպրոցը, ուր ուջանցի երեխաները, փառատօնի մասնագէտներուն օգնութեամբ պիտի նկարեն կարճամեթրաժ ֆիլմեր, որոնք պիտի ցուցադրուին փակման արարողութեան ժամանակ: Դպրոցը կը գործէ 2019 թուականէն:

Վիեթնամէն ժամանած բեմադրիչ եւ արուեստագէտ Թհու Ան Նկիւյէնը պիտի վարէ քոլաժի աշխատարան Ուջանի եւ յարակից գիւղերու նկարչական խմբակներու երեխաներուն համար. ստեղծուած քոլաժները պիտի ցուցադրուին փառատօնի աւարտին:

Հայ եւ վրացի երիտասարդ ֆիլմի բեմադրիչներու համար յատուկ աշխատարան պիտի վարէ հոլանտացի ֆիլմի գործիչ Տիրք Վիլեմսենը:

Փառատօնի շրջանակին մէջ Ուջան ժամանած արտերկրեայ շուրջ 30 հիւրերը մէկ շաբաթ պիտի ապրին ուջանցիներու տուներուն մէջ, պիտի ծանօթանան հայկական կենցաղին եւ մշակոյթին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԱՐԴԵՆԻՍԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՐԴԻ ՉԱՓՈՐՈՇԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Next Post

ՙԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ՚ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԶԵԿՈՅՑԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՋԱՏԱՐՆ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ

Next Post
ՙԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ՚ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԶԵԿՈՅՑԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՋԱՏԱՐՆ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ

ՙԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ՚ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԶԵԿՈՅՑԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՋԱՏԱՐՆ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.