Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԷ-Ն` ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ.

ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԻՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

August 11, 2022
in Միջազգային
0
ԱՄԷ-Ն` ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ.

Կլիմայի փոփոխութեան հիմնախնդիրը կը դասուի աշխարհի ամենակարեւոր խնդիրներու շարքին, որ սպառնալիք կը ստեղծէ երկրագունդի, մարդկութեան եւ կենսաբազմազանութեան համար տնտեսական, հասարակական, բնապահպանական կեանքի տարբեր երեսակներու վրայ ունեցած բացասական հետեւանքներուն պատճառով:

Ինչպէս կը յայտնեն Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանութենէն, մտահոգիչ հետեւանքները ի յայտ կու գան ջերմաստիճանի տատանումներու` բարձրացումներու եւ իջեցումներու ժամանակ, քանի որ կ՛աւելնան հրդեհները, ջրհեղեղներն ու երաշտի դէպքերը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են այս խնդիրին, ինչ որ արտացոլուած է երկրի ներքին քաղաքականութեան մէջ տնտեսութեան զանազանեցման քաղաքականութիւն որդեգրելու, կանաչ տնտեսութեան վրայ կեդրոնանալու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի աղբիւրներու զանազանեցման, յատկապէս վերականգնուող ուժանիւթի  զարգացման միջոցով: Մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ կը գտնուի Վերականգնուող ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (IRENA) կեդրոնակայանը:

ՙԿլիմայի տարածաշրջանային շաբաթ 2022՚-ի պաշտօնական բացման ժամանակ, որ առաջին անգամ տեղի ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, ԱՄԷ արդիւնաբերութեան եւ առաջատար արհեստագիտութեանպ նախարար Սուլթան Ալ Ժապէրը հաստատած է, որ համաշխարհային անվտանգութեան մասին խօսելով Էմիրութիւնները կլիմայի փոփոխութիւնը կը համարէ իր առաջնահերթութիւններէն մէկը, ուստի որդեգրած է գործընկերութեան վրայ հիմնուած մեթոտաբանութիւն եւ կեդրոնացած է կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներուն նկատմամբ աւելի խոցելի երկիրներու մէջ նախագիծերու ֆինանսաւորման վրայ:

Այսծիրին մէջ ԱՄԷ-ն 2017-2022 թուականներու ընթացքին շուրջ 163 միլիոն տոլարի չափով օգնութիւն տրամադրած է կլիմայի փոփոխութեան` ջրհեղեղներու, երաշտներու հետեւանքով տուժած աւելի քան 40 երկիրներու: Երաշտէ տուժած Ափրիկէ ցամաքամասին տրամադրուած է օգնութեան ամենամեծ բաժինը, որ կազմած է շուրջ 85 միլիոն տոլար: Բացի այդ, վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ նախագիծերու աջակցութեան նպատակով ԱՄԷ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարութեան, Ապու Տապիի զարգացման հիմնադրամի, ինչպէս նաեւ` ՙԱպու Տապիի ապագայի ուժանիւթի ընկերութեան՚ (Մաստար) միջեւ ստեղծուած է 100 միլիոն տոլարի չափով ռազմավարական գործակցութիւն, որ յատկացուած է խաղաղովկիանոսեան եւ քարիպեան տարածաշրջային երկիրներուն, որոնք տուժած են կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներէն:

ԱՄԷ-ն արդիւնաւէտ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ շրջակայ միջավայրի, կլիմայի, քաղաքականութիւններու, որոշումներու վերաբերեալ համաշխարհային երկխօսութեան համաժողովներու ընթացքին: Այդ շարքին կարել է նշել կանոնաւոր կերպով կազմակերպուող ՙԱպու Տապիի կայունութեան շաբաթը՚, որուն կը մասնակցին միջազգային հաստատութիւններ թէ՛ մասնաւոր ոլորտից, թէ՛ քաղաքացիական ու ակադեմական շրջանակներէն, ինչպէս նաեւ ՙԶայետի կայունութեան մրցանակը՚, որուն նպատակն է խրախուսել ընկերութիւնները, կազմակերպութիւններն ու դպրոցները:

ԱՄԷ-ն 2023-ին ՙԷքսփօ Տուպայ քաղաքին մէջ՚ պիտի հիւրընկալէ Կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի շրջանակային համաձայնագրի 28-րդ նստաշրջանի (COP28) մասնակից երկիրներու համագումարը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ` ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ

Next Post

ՀՀ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ՇԱՐՔԵՐԸ ՀԱՄԱԼՐԱԾ ՆՈՐԱԿՈՉԻԿՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԴՈՒՄ ՏՈՒԱԾ ԵՆ.

Next Post
ՀՀ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ՇԱՐՔԵՐԸ ՀԱՄԱԼՐԱԾ ՆՈՐԱԿՈՉԻԿՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԴՈՒՄ ՏՈՒԱԾ ԵՆ.

ՀՀ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ՇԱՐՔԵՐԸ ՀԱՄԱԼՐԱԾ ՆՈՐԱԿՈՉԻԿՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԴՈՒՄ ՏՈՒԱԾ ԵՆ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.