Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

950 ՀՐԹԻՌ ԿԱԶԱՅԷՆ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ

August 8, 2022
in Միջազգային
0
950 ՀՐԹԻՌ ԿԱԶԱՅԷՆ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ

Իսրայէլեան լրատուական աղբիւրներ յայտարարեցին, որ երեք օր առաջ սկսած Կազայի յարձակումէն ի վեր 950 հրթիռ արձակուած է Կազայէն դէպի իսրայէլեան թիրախներ: Ըստ նոյն աղբիւրին, Իսրայէլի հարաւային մասը թիրախ դարձած է այդ հրթիռներու մեծամասնութեան:

Արաբական լիկան դատապարտեց իսրայէլացի գաղութարարներու մուտքը Երուսաղէմի Աքսա մզկիթը ու այս քայլը համարեց ոտնակոխում սրբութիւններու եւ Իսրայէլի կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց այս քայլին համար, որ թոյլ կու տայ ծայրայեղականներու մտնել իսլամներու մզկիթը: Ան նկատի առաւ նաեւ, որ այս ոտնակոխումը տեղի կ’ունենայ Կազայի վրայ կատարուած յարձակումին զուգահեռ:

Երէկ առաւօտ խումբ մը իսրայէլացի գաղութարարներ մտած էին Աքսա մզկիթ, իսրայէլեան ուժերու պաշտպանութեան տակ:

Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ յայտարարեց, որ իրենց դրած նպատակները իրագործեցին Կազայի մէջ եւ առճակատումը պէտք է դադրի: Եգիպտոսի բանագնացը, որ կը բանակցի Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներու հետ, յայտարարեց, որ զինադադարը մօտալուտ է: Իսրայէլ ընդունած է կարգ մը պաղեստինեան պայմաններ` Եգիպտոս պիտի հետեւի ձերբակալուած պաղեստինցիներու խնդիրին, նաեւ Իսրայէլ պիտի թուլցնէ շրջափակումը եւ թոյլ պիտի տայ վառելանիւթի մուտքը Կազա:

Ըստ պաղեստինեան աղբիւրներու, ցարդ Կազայի մէջ ինկած են 41 զոհեր, որոնց 15-ը երեխաներ ու կան 311 վիրաւորներ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ

Next Post

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Next Post
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.