Հայաստանը առաջին ոսկէ մետալը նուաճած է ՙԱսիոյ երեխաներ՚ 7-րդ միջազգային մարզական խաղերուն: Խաղերու ախոյեանի կոչումը նուաճած է 64 քկ քաշային սամպիստ Մհեր Օհանեանը` դառնալով ոսկէ մետալակիր:
Արծաթէ մետալ նուաճած է հրաձիգ Նարէ Մելքումեանը: Հրացան ձեւի 15-ամեայ մարզուհին երկրորդ տեղը գրաւած է:
Մինչ այդ պատանի մարզուհին 598.0 միաւորով անցած էր կիսաւարտական, իսկ աւարտական դուրս եկած էր 2-րդ տեղով` 150.4 միաւորով:
ՙԱսիոյ երեխաներ՚ 7-րդ միջազգային մարզական խաղերուն Հայաստանը առաջին մետալը նուաճած էր դարձեալ հրաձգութիւն մարզաձեւէն:
Հրացան ձեւի մարզիկ Գագիկ Նիկողոսեանը, խոցելով 607.0 միաւոր, 3-րդ հորիզոնականով անցած էր աւարտական փուլ: Աւարտականին, չզիջելով դիրքերը, խոցած էր 252.1 միաւոր եւ վերջին արդիւնքով գրաւած էր 3-րդ հորիզոնականը` արժանանալով պրոնզէ մետալի:
Մարզական խաղերուն 13-16 տարեկան աւելի քան 1300 մարզիկ կը մասնակցի Հայաստանէն, Աֆղանիստանէն, Հնդկաստանէն, Ղրղզստանէն, Ռուսիայէն, Մոնկոլիայէն, Թուրքմէնստանէն, Ուզպեքստանէն, Իրանէն, Թայլանտէն, Ղազախստանէն, Փաքիստանէն եւ Լիբանանէն:
19 մարզաձեւերու մէջ պիտի խաղարկուի մետալային 273 հաւաքածոյ: Մրցումները պիտի տեւեն մինչեւ 8 Օգոստոս: