ՙՔրետիթ պանք՚ի գործադիր տնօրէն Թարէք Խալիֆէ ձերբակալուեցաւ դրամատան մէջ բաժնետոմս ունեցող անձի մը կողմէ բացուած դատին պատճառով: Այս անձը պէտք է ստանար ԱՄՆ տոլարով կայուն եկամուտ: Խալիֆէ կը նկատուի առաջին դրամատան տնօրէնը որ կը ձերբակալուի:
Դրամատունը տարածեց յայտարարութիւն մը, որ այս ձերբակալութիւնը անձնական հաշիւներ մաքրելու հարց է եւ կապ չունի օրէնքին հետ: