Փորթուկալի ֆութպոլի մրցումները սկսան Սիւփըր բաժակի մրցումով: Ախոյեան ՙՓորթօ՚ն մրցեցաւ բաժակի աւարտական հասած ՙԹոնտելա՚ի դէմ, Ավեյրօ քաղաքի մարզադաշտին վրայ: Ախոյեանը տիրապետեց մրցումին եւ իրանցի կիսապաշտպան Թարեմի՝ 30-րդ, 82-րդ եւ պրազիլցի յարձակող Էվանիլսըն՝ 33-րդ վայրկեաններուն նշանակեցին խումբին կոլերը, Էվանիլսընի եւ Փեփէ Աքուինոյի փոխանցումներով: ՙՓորթօ յաղթանակ տարաւ եւ շահեցաւ իր 23-րդ Սիւփըր բաժակի տիտղոսը: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքը.
– Փորթօ – Թոնտելա 3-0
Փորթուկալի Սիւփըր բաժակի մրցաշարքը սկսած է 1979 թուականին: Մրցումին կը մասնակցին ախոյեանը եւ բաժակակակիրը: Եթէ ախոյեանը շահի նաեւ բաժակը, մրցումին կը մասնակցի բաժակի աւարտական հասած խումբը: Տիսղոսը շահած են ՙՓորթօ՚՝ 23 անգամ, ՙՍփորթինկ Լիզպոն՚՝ 9 անգամ, ՙՊենֆիքա՚՝ 8 անգամ, ՙՊոավիսթա՚ 3 անգամ եւ ՙՎիթորիա Կիմարաէյշ՚՝ 1 անգամ: