Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՐՑԱԽԻՆ ԿԱՊՈՂ ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

August 2, 2022
in Default
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՐՑԱԽԻՆ ԿԱՊՈՂ ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՐՑԱԽԻՆ ԿԱՊՈՂ ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

Հայաստանը Արցախին կապող նոր` Լաչինի միջանցքը փոխարինող ճանապարհի շինարարութիւնը պիտի սկսի Օգոստոսին, յայտարարած է Տարածքային Կառավարման Նախարարութիւնը:

Նոր ճանապարհը Սիւնիքի Տեղ, Կոռնիձոր գիւղերով պիտի մտնէ Արցախ` Բերդաձորի ենթաշրջանի Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերով:

Ատրպէյճանական կողմն արդէն աւարտին կը հասցնէ գործը. Բերդաձորի գիւղերուն մէջ թուրք ու ատրպէյճանցի շինարարները կ’ասֆալթապատեն ճանապարհը: Կոռնիձորի տակ արդէն աւարտած են կամուրջի շինարարութիւնը:

Հայկական կողմը պէտք է կառուցէ Կոռնիձորէն Տեղ գիւղ տանող հատուածը: Գիւղին մէջ առայժմ շինարարներ չեն տեսած:

ՙՄեր կողմէ որեւէ աշխատանք չէ կատարուած, Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած է զուտ իրենց մասով` դէպի իրենց ճանապարհը, եւ կամուրջը սարքած են: Իսկ մեր կողմը որեւէ աշխատանք դեռ չէ իրականացուած« չափագրողներ եկած են, չափագրումներ կատարած են այն տարածքով, որ պիտի անցնի, ըսաւ Կոռնիձորի համայնքապետարանի ներկայացուցիչ Լուսինէ Քարամեանը:

Ան ըսաւ, որ շաբաթներ առաջ գիւղին յարակից տարածքին մէջ մասնագէտները հետազօտական աշխատանք կատարած են:

Կառավարութիւնը Յունիս ամսուան վերջին նիստին ընդունած է որոշում մը« որով գումար յատկացուած է շարք մը ճանապարհներու կէոտեզիական (Geodesy), քարտէզագրական աշխատանքներու համար, այս շարքին է ՙՄ-12՚ Կոռնիձոր-Արցախ մայրուղիի վերակառուցումը:

ՙՄեզի հասած տուեալներով` ճանապարհը երեւի կ’անցնի դաշտամիջեան ճանապարհով, այսինքն` Կոռնիձորի յարակից դաշտավայրերով՚, ըսաւ Լուսինէ Քարամեանը:

Եռակողմ յայտարարութեամբ երեք տարուան ընթացքին Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ պիտի հաստատուի: Երեք տարին չանցած ոչ թէ նախագիծի, այլ շինարարութեան աւարտի մասին կ’ազդարարէ Ատրպէյճանը: Հայկական կողմը նոր-նոր կը սկսի շինարարութիւնը:

Եռակողմ յայտարարութենէն մէկ ամիս ալ չանցած Ատրպէյճանի նախագահը արդէն կը յայտարարէր, որ պիտի կառուցեն Լաչինի միջանցքին փոխարինող ճանապարհը 3 տարիէն ալ շուտ:

ՙՆոր միջանցքի յարաչափերը յստակացնելէ յետոյ, Լաչին քաղաքը նոյնպէս պիտի վերադարձուի մեզի՚, կ’ըսէր Իլհամ Ալիեւ:

Հայասատան-Արցախ նոր երթուղիի երկայնքով նոյնպէս ռուս խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին,  սա նախատեսուած է եռակողմ յայտարարութեամբ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՒԺԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՒԻՐԱԾ Է

Next Post

ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷՆ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻՆ

Next Post
ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷՆ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻՆ

ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷՆ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

March 24, 2023

ՙՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՚ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

March 24, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

March 24, 2023

ՄԱՀԱԶԴ

March 24, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.