Հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վտանգը Արցախի մէջ
Երեւան, 19.07.2022 թ
15-19 Յուլիս 2022 թուականին Երեւանի պետական համալսարանին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վայոց ձորի թեմին մէջ տեղի ունեցաւ ՙԱրցախի մշակութային ժառանգութիւնը՚ խորագրով միջազգային գիտաժողով: Աւելի քան երեսուն օտարերկրացի եւ հայ գիտնականներ ու փորձագէտներ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) տարածաշրջանին մէջ մշակութային արժէքներու ստեղծման, պատմական զարգացման եւ ներկայիս վտանգուածութեան խնդիրները: Այս արժէքները կը պատկանին հայկական մշակոյթին, որով նաեւ մաս կը կազմեն համաշխարհային քրիստոնէական հնագոյն ժառանգութեան:
Պարբերական դարձած գիտաժողովի շարժառիթը 2021 թուականի 4 Մարտին ստուարաթիւ գիտնականներու կողմէ հրապարակուած կոչն էր` ի պաշտպանութիւն Արցախի մշակութային կոթողներրուն: Այն մատնացոյց կ՛ընէր տեղի հայ բնակչութեան եւ անոր մշակութային ժառանգութեան խիստ վտանգուածութիւնը:
Անկէ առաջ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ, որպիսիք են` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, Գերմանացի կաթոլիկներու կեդրոնական կոմիտէն եւ Ռենովապիս Արեւելաեւրոպական օժանդակութեան հիմնադրամը, հռչակագրեր հրապարակած էին հայ բնակչութեան տառապանքի եւ մշակութային ժառանգութեան վտանգուած ըլլալու վերաբերեալ: Նաեւ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական համաժողովը (PACE) 2021 թուականի 27 Սեպտեմբերի որոշման մէջ եւ ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը 2022 թուականի 2 Յունիսին Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցին մէջ արտայայտած են իրենց դիրքորոշումը:
Այնուհետեւ` ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 2021 թուականի 7 Դեկտեմբերի որոշմամբ Ատրպէյճանին կոչ ըրած է ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` վանտալիզմի եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան կոթողներու պղծման գործողութիւնները կանխելու եւ պատժելու համար: Ի վերջոյ, 2022 թուականի 10 Մարտին Եւրախորհրդարանը խստագոյնս դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող այն քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է Արցախի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու, առհասարակ, վերջինիս գոյութեան ժխտման:
Այս ամէնուն դրդապատճառը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ծակուռի գիւղի 12-րդ դարու Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցի այցի ժամանակ կատարուած յայտարարութիւնն է, որ այնտեղէն պիտի հեռացուին հայերէն վիմագիր արձանագրութիւնները: Բացի այդ, Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քարիմովը 2022 թուականի 3 Փետրուարին իրազեկեց աշխատանքային խումբ մը ստեղծելու մասին, որ բացայայտօրէն պիտի օրինականացնէ տարածաշրջանին մէջ հայկական մշակութային բոլոր արժէքներու համակարգուած ոչնչացումը:
Բացի անկէ յայտնի է, որ Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականին սանձազերծուած պատերազմին ժամանակ ատրպէյճանական զինուած ուժերը երկու անգամ բարձր ճշգրտութիւն ունեցող զէնքով հրթիռակոծած եւ լրջօրէն վնասած են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) տաճարը: Աւերուած է նաեւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին (Կանաչ Ժամ) այն բանէն յետոյ, երբ ատրպէյճանական զօրքերը հսկողութեան տակ վերցուցած են այս քաղաքը: Վնասուած, պղծուած եւ աւերուած են նաեւ ուրիշ եկեղեցիներ, արձանագրութիւններ եւ խաչքարեր: Արբանեակային լուսանկարները կը փաստեն, որ ոչնչացուած են քանի մը ժամանակակից եւ պատմական գերեզմանատուներ:
Ատրպէյճանը արդէն իսկ ոչ-վաղ անցեալին ոչնչացուցած է Նախիջեւանեան Էքսկլաւի տարածքին գտնուող հայ մշակութային ժառանգութիւնը, ինչ որ իր մէջ կը ներառէ Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմանատան հազարաւոր խաչքարերու եւ այլ յուշարձաններու ամբողջական աւերումը:
Մենք, գիտաժողովի մասնակիցներս, կը դիտարկենք, որ հայկական նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային արժէքները Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ խիստ վտանգուած են:
Մենք կոչ կ՛ընենք.
1) որ բոլոր քաղաքական եւ հասարակական դերակատարները, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնները ներգրաւուին Արցախի մէջ եւ անոր շրջակայքը մշակութային արժէքներու եւ վտանգուած բնակչութեան պաշտպանութեան գործին,
2) որ բոլոր որոշում կայացնողները մշակութային արժէքներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը դարձնեն Ատրպէյճանի հետ որեւէ տեսակի համագործակցութեան նախապայման,
3) որ ներկայիս հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ եւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման նպատակով տարբեր մակարդակներու վրայ տարուող բանակցութիւններուն մէջ նաեւ հաշուի առնուին արցախահայութեան իրաւական շահերը: Միայն արդար խաղաղութիւնը կրնայ երաշխաւորել մշակութային արժէքներու եւ մարդու իրաւունքներու կայուն պաշտպանութիւնը, ինչին Ատրպէյճանը պարտաւորուած է միջազգային իրաւունքի համաձայն,
4) ապահովելու, որ Եւրոպական միութիւնն ու անոր անդամ երկիրները բարձրացնեն նաեւ պատմութեան վերանայման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի մէջ մշակութային արժէքներու վտանգուածութեան եւ ոչնչացման խնդիրները, երբ Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթակիրներու մատակարարման շուրջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան եւ համաձայնութիւններ կը կնքուին,
5) որ Ատրպէյճանը անսահմանափակ իրաւունք տայ գիտնականներուն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ միւս միջազգային կազմակերպութիւններուն` Արցախի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ գտնուող մշակութային կոթողներու այցելութեան համար եւ չարգելէ հաւատացեալներուն մուտքը պաշտամունքի վայրեր:
Կազմակերպիչներ`
Մարտին Թամքէ, փրոֆ., բազմ. պատուոյ դր., Կէօթինկեն
Անտրէաս Միւլլեր, դր., փրոֆ., Քիլ
Տակմար Հելլեր, դր., Պենսհայմ
Յարութիւն Գ. Յարութիւնեան, դր., Երեւան