Ուքրանիոյ Տոնեցք նահանգի ինքնավարութեան իշխանութիւնը յայտարարեց« որ 53 հոգի սպաննուած ու 75 հոգի վիրաւորուած են բանտի մը մէջ« ուր կը պահուէին պատերազմի գերիներ: Ռմբակոծումը կատարուած է ուքրանական ուժերու կողմէ Ելենովքա շրջանին մէջ« ուր կը բնակին նաեւ քաղաքացիներ: Ըստ ռուսական ուժերու« ռմբակոծումը կատարուած է ամերիկեան ՙՀիմարս՚ հրթիռներով: Իր կարգին« Ուքրանիոյ արտաքին գործերու նախարար Տմիթրօ Քոլիպա ամբաստանեց Ռուսիան այս ոճիրը կատարելու մէջ: