Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի իր մտահոգութիւնը արտայայտեց երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական անկայուն վիճակին պատճառով: Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց օգտագործելու երկխօսութիւնը որպէս կարծիք արտայայտելու միջոց եւ աւելցուց« որ կողմերը պէտք է հեռու մնան ծայրայեղ քայլերէ: Հարկ է նշել« որ երկու օր առաջ« խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունեցող Ատրի կողմնակիցներ մտած էին խորհրդարան եւ պահանջագիր ներկայացուցած էին« մերժելով վարչապետութեան թեկնածու Մոհամմատ Սուտանին: