Արեւելեան եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործող Քրտական Դեմոկրատական ՙՔասատ՚ ուժերը յայտարարեցին« որ հետապնդումէ ետք ձերբակալած են լրտեսական խումբ մը, որ կը գործէր թրքական ուժերու ցուցմունքներով: Այդ խումբը կը բաղկանայ մէկ մարդ եւ երկու կին գործակալներէ: Այս խումբին ցուցմունքներով է որ թրքական օդուժը ռմբակոծած էր քրտական դիրք մը« ուր զոհուած էին քիւրտ հրամանատարներ: Լրտեսական խումբի անդամները ընդունած են իրենց յանցանքը առաջին հարցաքննութենէն ետք: